Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Տիգրան Բարսեղեան երէկ պայմանագրութիւն մը ստորագրեց ղազախական Ասթանայի հետ, յայտնեց վերջինիս մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Նշուեցաւ, որ իր նոր ակումբին հետ, նախքան երկու տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրելը, հայ ֆութպոլիստը Փորթուգալի մէջ ենթարկուած է բժշկական յաջող քննութիւններու: