Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբը երկուշաբթի, 27 յունուարին պիտի սկսի յատուկ բանակումի մը` պատրաստուելու համար յառաջիկային Թուրքմենիստանի դէմ տեղի ունենալիք մրցումին, որ կ՛իյնայ Քաթար-2022-ի մոնտիալի եւ Չինաստան-2023-ի Ասիոյ բաժակի զոյգ մրցաշարքերու զտումի մրցումներուն ծիրին մէջ:
Հակառակ անոր որ այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ 31 մարտին, սակայն Լիբանան այժմէն պիտի սկսի իր պատրաստութիւններուն` նկատի ունենալով, որ փետրուար ամսուան վերջը Ահտի եւ Անսարի ֆութպոլիստները մրցումներ ունին կատարելիք Ասիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին գծով:



