«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցած մրցումներուն, երկրին գործող ախոյեանը` Թորոնթօ Ռեփթըրզ, 115-109 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Քլիվլենտ Քաւալիրզի դաշտէն:
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ կրեց այլ պարտութիւն մը (տարեշրջանի 39-րդը), երբ 119-104 արդիւնքով պարտուած հեռացաւ Պոսթըն Սելթիքսի դաշտէն:
Տ՛անճելօ Ռասըլ (Ուորիըրզ) բաւականացաւ 22 կէտով:

Աթլանթա Հոքս տասը կէտի տարբերութեամբ` 127-117 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզին: Թրայէ Եանկ (Հոքս) նշանակեց 39 կէտ:
Թէեւ Ճորտըն Քլարքսըն նշանակեց 37 կէտ, սակայն անոր կազմը` Եութա Ճեզ, 106-100 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Տենվըր Նակեթցի դաշտին վրայ: