Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ յայտնեց, որ Վրաստանի մայրաքաղաք Թիֆլիսի մէջ, Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Արմէն Մելիքբէկեան եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցած են Վրաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Լեւան Քոպիաշվիլիի եւ ֆետերասիոնի այլ անդամներու հետ:
Կողմերը քննարկեցին իրարու միջեւ համագործակցութեան ապագայի ծրագիրներ եւ փոխյարաբերութիւններու սերտացման կարելիութիւնները:
Քննարկուեցան նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ ֆութպոլի տարիքային մրցաշարքեր կազմակերպելու կարելիութիւնները: