Յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ Մոն Լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ), Լիբանանի լողարշաւի ֆետերասիոնը կատարեց 2019 տարուան մրցանակաբաշխութիւնը:
Հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան Լիբանանի լողարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Թոնի Նասսար եւ այլ անդամներ, միջազգային ողիմպիական դասախօս Ժիհատ Սալամէ, ակումբներու նախագահներ եւ ներկայացուցիչներ, մարզական լրագրողներ եւ մարզիկներուն ծնողներն ու ընտանեկան պարագաները:
Իր խօսքին մէջ, Նասսար, շնորհաւորելով բոլոր մրցանակակիր լողորդները, անոնց յաջողութիւն մաղթեց այս տարուան ընթացքին տեղի ունենալիք ախոյեանութիւններուն եւ մրցաշարքերուն գծով, ըլլան անոնք տեղական, արաբական կամ միջազգային մակարդակներուն վրայ:
Ան յայտնեց, որ նախորդ տարուան նման, այս տարի եւս, Լողարշաւի միջազգային ֆետերասիոնը լիբանանեան ֆետերասիոնին պիտի յատկացնէ 25 հազար ամերիկեան տոլար:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը, ինչպէս նաեւ իրենց վկայագիրները ստացան բոլոր անոնք, որոնք յաջողած էին մարզիչի քննութիւն-դասընթացքներուն: