Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնը 20-30 յունիսին Երեւանի մէջ կը կայացնէ Կարէն Ասրեանի յիշատակին նուիրուած ճատրակի միջազգային բաց մրցաշարքը:
Անիկա տեղի պիտի ունենայ զուիցերիական դրութեամբ` 9 հանգրուանով: Մրցաշարքին մրցանակային ընդհանուր հիմնադրամը կը կազմէ 11 միլիոն դրամ:
Կարէն Ասրեան 1998-էն ի վեր միջազգային կարգի կրանտմասթըր էր:
9 յունիս 2008-ին ան յանկարծամահ եղաւ` ուղեղային կաթուած մը ունենալով:
Ան կեանքէն հեռացաւ իբրեւ համաշխարհային ողիմպիականի եւ Հայաստանի գործող ախոյեան:
Ճատրակի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին ան տիրացած էր միջազգային բազմաթիւ կարեւոր տիտղոսներու: