Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Քալչիօ»-ի 22-րդ հանգրուանի մրցումներուն, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող եւ երկրին գործող ախոյեանը` Եուվենթուս, ամրապնդեց իր դիրքը` 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով իր հիւրին` Ֆիորենթինայի դէմ:
Քրիսթիանօ Ռոնալտօ տուպլէ մը իրագործեց (40-րդ` փենալթիով եւ 80-րդ` փենալթիով), մինչ հոլանտացի Մաթիաս տը Լիկթ մրցումին կորսուած վայրկեաններուն (90+1) նշանակեց իր կազմին երրորդ կոլը:
Ռոնալտօ, որ այսպիով իր ակումբին հետ նշանակեց իր 50-րդ կոլը, այժմ աշխարհի ռմբաձիգներու դասաւորման մէջ կը գրաւէ երրորդ դիրքը` իր նշանակած 722 կոլերուն շնորհիւ:
Առաջին երկու դիրքերը յաջորդաբար կը գրաւեն պրազիլցիներ Փելէ (767) եւ Ռոմարիօ (734):