Հայաստանի յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Էդուարդ Սահակեան յայտարարեց, որ Եւրոպայի ախոյեանութեան մասնակցող կազմը ընտրուեցաւ բոլոր մարզիչներուն հետ խորհրդակցելէ ետք:
Ան ըսաւ, որ Եւրոպայի ախոյեանութենէն ետք այլ մրցաշարքերու գծով կրնան պատահիլ փոփոխութիւններ, ըստ մարզիկներուն արձանագրած արդիւնքներուն:
Եւրոպայի ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ Իտալիոյ մայրաքաղաք Հռոմի մէջ, 10-16 փետրուարին:
Հայաստանի հաւաքականին կազմը կը բաղկանայ հետեւեալ ըմբիշներէն. Ռուդիկ Մկրտչեան (55 քկ), Գէորգ Ղարիբեան (60 քկ), Սահակ Յովհաննիսեան (63 քկ), Կարէն Ասլանեան (67 քկ), Մալխաս Ամոյեան (72 քկ), Կարապետ Չալեան (77 քկ), Ռուբէն Ղարիբեան (82 քկ), Մաքսիմ Մանուկեան (87 քկ), Արթուր Ալեքսանեան (97 քկ) եւ Դաւիթ Օւասաբեան (130 քկ):