Կազմակերպութեամբ «Սփորթց Մանիա» ընկերութեան եւ հսկողութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին, ընկերութիւններու եւ դրամատուներու «Պան-քօ» 6-րդ պասքեթպոլի մրցաշարքը հասաւ կիսաւարտական հանգրուան:
Քառորդ աւարտականի մրցումներուն, «Լուպնան Ուալ Մահժար» դրամատունը յաղթեց «Ֆաթթալ»-ին, «Մայք Սփոր»` Կեդրոնական դրամատան, «Լիբանանեան-ֆրանսական դրամատուն»-ը` «Մորիքս»-ին, իսկ «Աուտէ» դրամատունը` Իրաւաբաններու սենտիքայի խումբին:
Կիսաւարտականի մրցումներուն, որոնք տեղի պիտի ունենան Միշել Մըրի անուան համալիրին մէջ «Աուտէ» կը մրցի «Մայք սփոր»-ի դէմ, իսկ «Լուպնան Ուալ Մահժար»` «Լիբանանեան- ֆրանսական դրամատան» դէմ:
Մրցաշարքին կը մասնակցին 11 խումբեր: