Ինչպէս ծանօթ է, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը իր մասնակցութիւնը կը բերէ Պելճիքայի մէջ տեղի ունեցող եւրօ-2022-ի ֆութսալի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին:
Բ. խմբակին մաս կազմող Հայաստան թէեւ իր կատարած առաջին մրցումին պարտութիւն մը կրեց Պելճիքայէն, սակայն երկրորդ մրցումին 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Մոնթենեկրոյի դէմ:
Վերջին` երրորդ մրցումին, այսօր` շաբաթ, 1 փետրուարին, Հայաստանի մրցակիցը պիտի ըլլայ Սկովտիա: