Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը հաղորդէ, որ տղոց Ա. լիկայի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ հաստատուեցաւ նոր մրցանիշ մը` Գիւմրի-Ուրարտու մրցումին:
Ուրարտու այս մրցումին յաղթեց 143-80 արդիւնքով:
Նոր մրցանիշը հաստատուեցաւ ոչ թէ արձանագրուած արդիւնքին պատճառով, այլ շնորհիւ Մեթիու Մատոյեանին (Ուրարտու), որ այս մրցումին նշանակեց… 81 կէտ:
Նշենք, որ ախոյեանութեան յառաջատարն է Արագած: Անոր կը յաջորդէ Ուրարտու, իսկ լաւագոյն եռեակը կ՛ամբողջացնէ Երեւան: