Հայաստանի կռփամարտի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Ռաֆայէլ Մեհրաբեան յայտարարեց, որ ինք մեծ յոյսով է, որ թէ՛ Լոնտոնի եւ թէ՛ Փարիզի մրցաշարքերուն, հայրենի կռփամարտիկները ողիմպիականի երեք տոմսերու կրնան տիրանալ:
Հաւաքականը 2 փետրուարին պիտի մեկնի Ուքրանիա, ուր հաւաք պիտի կատարէ Չեխիոյ, Լեհաստանի, Պիելոռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ երկրորդ հաւաքականներուն հետ: Հայրենի կազմը 17-18 փետրուարին բարեկամական մրցումներ պիտի կատարէ, իսկ 19 փետրուարին պիտի վերադառնայ Երեւան:
Հաւաքին պիտի մասնակցին 12 կռփամարտիկներ:
Լոնտոնի մրցաշարքը, որ տեղի պիտի ունենայ 14-24 մարտին, կը նկատուի 2020-ի ողիմպիականի զտումի մրցաշարք մը, իսկ Փարիզի մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ 13-24 մայիսին:
Թոքիօ-2020-ի 32-րդ ամառնային ողիմպիական խաղերը տեղի պիտի ունենան 24 յուլիսէն 9 օգոստոս` մասնակցութեամբ 206 երկիրներու, շուրջ 11 հազար մարզիկներու, որոնք պիտի մրցին տարբեր տեսակի 33 մարզաձեւերու մէջ: