
Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Պունտըսլիկա»-ի 20-րդ հանգրուանին արձանագրուած մրցումներուն արդիւնքներուն լոյսին տակ, երկրին գործող ախոյեանը` Պայէրն Միւնիխ, 3-1 արդիւնքով յաղթական վերադառնալէ ետք Մայնց-05-ի դաշտէն, գրաւեց դասաւորման պարագլուխի դիրքը:
Պայէրնի կոլերը նշանակեցին Ռոպերթ Լեւանտովսքի (8-րդ), Թոմաս Միւլըր (14-րդ) եւ Թիակօ (26-րդ):
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Պայէրն, որ ունեցաւ 42 կէտ, այժմ կէտի մը առաւելութեամբ կը գերազանցէ Լայփցիկը, որ իր դաշտին վրայ 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Պորուսիա Մէօնշընկլատպախի հետ:
Պորուսիա Տորթմունտ բարձրացաւ 3-րդ դիրք` 5-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելէ ետք իր հիւրը` Իւնիոն Պերլինը:
Աւելի քան 81 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան, այս մրցումին տուպլէ մը իրագործած նորվեկիացի յառաջապահ Էրլինկ Հաալանտ պատմական նուաճումի մը հասաւ:
Այսպիսով, 19 տարեկան Հաալանտ դարձաւ «Պունտըսլիկա»-ի պատմութեան մէջ առաջին ֆութպոլիստը, որ առաջին երեք մրցումներուն կը նշանակէ 7 կոլ: