Պուտտա – Ատմա ակումբի իր ժամանակաւոր նստավայրին մէջ Լիբանանի ժիւտոյի ֆետերասիոնը կատարեց իր տարեկան համագումարը` ներկայութեամբ ֆետերասիոնին անդամակցած 23 ակումբներէն 18-ին ներկայացուցիչներուն: Յայտնենք, որ 23 ակումբներէն միայն 21-ը իրաւունք ունին քուէարկելու:
Ժողովականները միաձայնութեամբ վաւերացուցին վարչական եւ ելեւմտական տեղեկագիրները:
Ֆետերասիոնի նախագահ Ֆրանսուա Սաատէ յոյս յայտնեց, որ նախորդ տարուան նման այս տարի եւս ֆետերասիոնին կողմէ կազմակերպուելիք ախոյեանութիւններուն եւ մրցաշարքերուն մասնակցողներուն թիւը կ՛ըլլայ շատ:



