Քաթալոնական Պարսելոնայի եւ Ուրուկուէյի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Լուիս Սուարեզի ապաքինումը նախատեսուածէն աւելի արագ կ՛ընթանայ` նկատի ունենալով, որ ան արդէն իսկ սկսած է վազել:
33 տարեկան Սուարեզի ծունկի վիրաբուժութենէն ետք անոր ակումբը յայտնեց, որ ֆութպոլիստին համար այս տարեշրջանը աւարտած կարելի է նկատել:
Սակայն ան յայտնեց, որ ամէն ճիգ ի գործ կը դնէ, որպէսզի կարելի եղածին չափ շուտ ապաքինի եւ ապրիլի սկիզբը ֆութպոլի դաշտերը վերադառնալով օգտակար դառնայ իր խումբի տարեշրջանի կարեւոր մրցումներուն:
Ան այս տարեշրջանին Պարսելոնայի հետ իր կատարած 23 մրցումներուն ընթացքին նշանակեց 14 կոլ եւ կատարեց 8 էսիսթ: