Վերջին 20 տարիներուն Այաքս Ամսթերտամ իր ամէնէն ձախող արդիւնքը կրկնեց, երբ Նիտըրլանտներու բաժակի մրցաշարքի կիսաւարտականին, 2-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելով Իւթրեխթէն, դուրս մնաց մրցաշարքէն:
Ընթացիկ ախոյեանութեան գծով խումբը այժմ կը գրաւէ դասաւորման առաջին դիրքը (53 կէտով)` իր ունեցած կոլ-էվըրէյճին շնորհիւ գերազանցելով Ազ-Ալքմաարը:
Բայց եւ այնպէս Իւթրեխթի դէմ այդ պարտութիւնը Այաքսի համար եղաւ չորրորդը` վերջին հինգ մրցումներուն:
Այաքս այսպիսի ձախողութիւն արձանագրած էր 20 տարի առաջ` 2000-ին:
Խումբին մարզիչն է Էրիք թեն Հակ: