Անգլիական «Տէյլի Մէյլ»-ի համաձայն, «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն բանակցութիւններ կը վարէ ստեղծելու համար նոր մրցաշարք մը, որ լաւագոյն պատրաստութիւնը պիտի ըլլայ իւրաքանչիւր նոր տարեշրջան սկսելէ առաջ իրենց երկիրներուն ախոյեանութեան գծով փորձեր կատարող կազմերուն համար:
Ամառնային «Չեմփիընզ լիկ»-ը սովորականին նման պիտի ունենայ զտումի, խմբային եւ փլէյ օֆի մրցումներ:
«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն կը ծրագրէ այս մրցաշարքը փոխարինել ամրան ընթացքին կատարուելիք բազմաթիւ միջազգային մրցաշարքերուն հետ: