Գերմանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի քառորդ աւարտականին արձանագրուած արդիւնքներուն լոյսին տակ յստակացան կիսաւարտականին հասնող խումբերը:
Անոնք են` Պայէրն Միւնիխ, Պայէր Լեւերքուզըն, Այնթրախթ Ֆրանքֆորթ եւ Սաարպրուքըն:
Բաւական հետաքրքրական եւ ուշագրաւ եղաւ վերջինին` Սաապրուքընին, քառորդ աւարտականին արձանագրած յաղթանակը` Ֆորթունա Տիւսելտոլֆի դէմ (փենալթիներով` 7-6 արդիւնքով), նկատի ունենալով, որ այս մրցաշարքի պատմութեան մէջ անիկա հանդիսացաւ Դ. դասակարգին մաս կազմող առաջին խումբը, որ կը հասնի կիսաւարտական:



