Մարզական

Հայկական Ֆութպոլ. Հայկ Իշխանեան Եւ Էտկար Մանուչարեան Վերադարձան Ալաշկերտ

Ալաշկերտի նախկին ֆութպոլիստներ Հայկ Իշխանեան եւ Էտկար Մանուչարեան դարձեալ պայմանագրութիւն ստորագրեցին իրենց ակումբին հետ, յայտնեց երեւանեան ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: 30 տարեկան Իշխանեան այս ձմեռ Ալաշկերտէն տեղափոխուած էր Ժեթիսու (Ղազախստան), մինչ 33 տարեկան Մանուչարեան նախորդ ամառ լքելով իր ակումբը միացած էր Փիւնիկին:

Քալիարի Ունեցաւ Իր Նոր Մարզիչը

Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Քալչիօ»-ին իր մասնակցութիւնը բերող խումբերէն Քալիարի, պաշտօնանկ ընելով իր գլխաւոր մարզիչը` Ռոլանտօ Մարանին, նոր մարզիչ նշանակեց Ուոլթըր Ցենկան: Անոր պաշտօնազրկման պատճառը բնականաբար խումբին արձանագրած ձախող արդիւնքներն են: Անիկա յաղթանակ չէ կրցած արձանագրել 5 դեկտեմբերէն ի վեր եւ այժմ ընդհանուր դասաւորման մէջ կը գրաւէ 11-րդ դիրքը` ապահովելով 32 կէտ: 59 տարեկան Ցենկա մարզած է աւելի քան 8 ակումբներ:...

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն Եւրօ-2020-էն Պիտի Ստանայ 3 Միլիառ Եւրոյի Եկամուտ

Ինչպէս ծանօթ է, 12 յունիսէն 12 յուլիս եւրոպական 12 քաղաքներու մէջ տեղի պիտի ունենայ Եւրօ-2020-ի ֆութպոլի մրցաշարքը: «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն այս մրցաշարքի կայացման պատճառով պիտի ստանայ 3 միլիառ եւրոյի եկամուտ, յայտնեց կազմակերպութեան ընդհանուր հաշուապահ Տէյվիտ Ժիլ: Այս մրցաշարքին բոլոր մրցումները ուղղակիօրէն պատկերասփռելու իրաւունքը ձեռք ձգած են 180 երկիրներ:  

Փարիզ Սեն Ժերմեն Մպափէին Արգիլեց Մասնակցիլ Ողիմպիական Խաղերուն

Ֆրանսական մարզական մամուլին համաձայն, Փարիզ Սեն Ժերմենի եւ Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Քիլիան Մպափէ պիտի չմասնակցի ողիմպիական խաղերուն: Ամառնային այս խաղերը կը սկսին 22 յուլիսին եւ կ՛աւարտին 8 օգոստոսին: Անոր ակումբը արգիլեց, որ ան մասնակցի այդ խաղերուն` նկատի ունենալով, որ նոր տարեշրջանի նախօրեակին եւ գրեթէ ճիշդ վերոնշեալ ժամանակամիջոցին, Փարիզ Սեն Ժերմեն կը սկսի իր նախապատրաստութիւններուն` 2020-2021 տարեշրջանին գծով:

Անգլիական Ֆութպոլ. Լիվըրփուլի Երկրորդ Յաջորդական Պարտութիւնը

Նախորդ շաբաթավերջին, Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան գծով Ուաթֆորտէն պարտութիւն մը կրած (3-0) Լիվըրփուլ կրեց իր երկրորդ յաջորդական պարտութիւնը, այս անգամ` Չելսիէն (2-0), Անգլիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին գծով (Ե. հանգրուան): «Սթեմֆըրտ Պրիճ»-ի մարզադաշտին վրայ կատարուած այս մրցումին, հիւրընկալ կազմին կոլերը նշանակեցին Ուիլիան (13-րդ) եւ Ռոս Պարքլի (64-րդ)` քառասուն հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան: Ե. հանգրուանին յաղթանակ արձանագրեց նաեւ Արսենալ` Փորթցմաութի դէմ (2-0): Մանչեսթըր Եունայթըտ...

Իտալիոյ Մէջ Բոլոր Տեսակի Մարզաձեւերը Մէկ Ամիսով Կրնան Յետաձգուիլ

Իտալիոյ կառավարութիւնը «Քորոնա» ժահրին տարածումը կանխարգիլելու համար շատ հաւանաբար երկրին մէջ բոլոր տեսակի մարզաձեւերը մէկ ամիսով յետաձգէ, կը յայտնէ իտալական մամուլը: Նշուեցաւ, որ կարգ մը մարզաձեւերու մէջ մարդոց միջեւ հեռաւորութիւնը մէկ մեթրէն աւելի նուազ կ՛ըլլայ, ինչ որ պատճառ կրնայ դառնալ այդ ժահրին աւելի արագ փոխանցումին: Ըստ իտալական մամուլին, մինչեւ երէկ Իտալիոյ մէջ արձանագրուած է հիւանդութեան 2263 պարագայ, մինչ մահացողներուն թիւը...

Թոքիօ-2020. Միջազգային Ողիմպիական Կոմիտէն Կրնայ Յետաձգել Ողիմպիական Խաղերը

24 յուլիսէն 9 օգոստոս նախատեսուած է կայացնել Թոքիօ-2020-ի 32-րդ ամառնային ողիմպիական խաղերը: Սակայն ողիմպիական այս խաղերուն կայացումը կրնայ յետաձգուիլ մինչեւ աշնան վերջը` աշխարհի տարածքին արագօրէն տարածուող «Քորոնա» ժահրին պատճառով: Անգլիական «Տէյլի Մէյլ» օրաթերթը կը յայտնէ, որ Միջազգային ողիմպիական կոմիտէն Ճափոնի կառավարութեան հետ իր ունեցած շարք մը ժողովներէն ետք կրնայ այդ խաղերը յետաձգել: Երէկուան դրութեամբ, Ճափոնի մէջ արձանագրուած է այդ ժահրով...

«Չեմփիընզ Լիկ». 1-16-րդ Հանգրուանի Դարձի Մրցումները Կրնան Յետաձգուիլ

Իտալական հանրածանօթ մարզաթերթերէն «Ֆութպոլ Իտալիա» յայտնեց, որ այնպէս կը թուի, թէ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի նախագահ Ալեքսանտր Զեֆերին պիտի յետաձգէ «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի դարձի մրցումներուն կայացումը: «Եթէ հիւրընկալ երկիրներուն առողջապահական կառոյցները մեզի տեղեկացնեն, որ «Քորոնա» ժահրին տարածումը վտանգ կը սպառնայ իրենց, մենք պիտի յետաձգենք մրցումները», ըսած է Զեֆերին: Երէկ Սպանիոյ կառավարութիւնը յայտնեց «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ին, որ...

«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.» Հրապարակեց Իր Առժամեայ Յայտագիրը. 2020 Տարեշրջանը Կը Սկսի Կիրակի, 8 Մարտին

«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.» հրապարակեց պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ ներկայացուց 2020 տարեշրջանի իր առժամեայ յայտագիրը, որ կրնայ փոփոխութիւններու ենթարկուիլ: Անիկա կ՛ընդգրկէ 34 տարբեր տեսակի ախոյեանութիւններ եւ մրցաշարքեր, որոնց կարգին` «Սփիտ-թեսթ», «Քարթինկ», «Տրիֆթ», ռելի եւ այլն: Նոր տարեշրջանը կը սկսի կիրակի, 8 մարտին, «Սփիտ թեսթ»-ի մրցումով: Կիրակի, 21 մարտին տեղի կ՛ունենայ «Քարթինկ»-ի «Ռոթաքս Մաքս»-ի Ա. հանգրուանի մրցումը: 4-6 սեպտեմբերին տեղի...

Պասքեթպոլ. Լիբանանի Բ. Դասակարգի Ակումբները Իրենց Զօրակցութիւնը Յայտնեցին Ֆետերասիոնին Եւ Անոր Նախագահին

Յատուկ ժողով մը գումարելէ ետք, Լիբանանի պասքեթպոլի Բ. դասակարգի ակումբները հրապարակեցին հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին ֆետերասիոնին եւ անոր նախագահին` Աքրամ Հալապիին: Անոնք դատապարտեցին ֆետերասիոնին դէմ կատարուած ամբաստանութիւններն ու սուտ զրպարտութիւնները` շեշտը դնելով այն կէտին վրայ, որ ներկայիս Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական տագնապի ծիրին մէջ, ֆետերասիոնը իր ամէն կարելին ի գործ դրաւ ի սպաս այս մարզաձեւին: Անոնք եզրափակեցին, որ...

Թենիս. «Տէյվիս Քափ». Լիբանանի Ֆետերասիոնը Այսօր Կու Տայ Իր Մամլոյ Ասուլիսը

Այսօր` չորեքշաբթի, 4 մարտին, Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնը «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի մէջ (Քասլիք) պիտի տայ իր մամլոյ ասուլիսը, որուն ընթացքին պիտի անդրադառնայ 6-7 մարտին Թայլանտի դէմ տեղի ունենալիք թենիսի «Տէյվիս Քափ»-ի մրցաշարքին: Այս մրցաշարքը տեղի կ՛ունենայ Ասիա-Ովկիանիա ցամաքամասի մրցումներուն ծիրին մէջ: Կէսօրուան ժամը 12:00-ին տեղի ունենալիք այս մամլոյ ասուլիսը կը նկատուի շատ կարեւոր` մրցաշարքին վերաբերեալ տեղեկութիւններ ներկայացնելու առումով: Այս մրցաշարքը...

Դահուկարշաւ. Փոքրերու Ախոյեանութեան Մասնակցեցան 140 Երկսեռ Մարզիկներ

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին Մըզար - Քֆարտեպիան շրջանին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի դահուկարշաւի փոքրերու ախոյեանութիւնը` մասնակցութեամբ 140 երկսեռ մարզիկներու: Տեղի ունեցան 2008-2009, 2010-2011, 2012-2013 տարիքային դասակարգերու մրցումները: Աւարտին Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Շարպել Սալամէ եւ այլ անդամներ կատարեցին մրցանակաբաշխութիւնը:  

Վոլիպոլ. Լիբանանի Ֆետերասիոնին Տարեկան Համագումարը

PROFOTO Լիբանանեան շարք մը այլ ֆետերասիոններուն նման, Լիբանանի վոլիպոլի ֆետերասիոնը եւս, գումարեց իր տարեկան համագումարը` «Մետիսըն» պանդոկին մէջ (Ճիւնի): Ժողովը օրինական էր` նկատի ունենալով, որ անոր ներկայ գտնուեցան ֆետերասիոնին անդամակցած 95 ակումբներէն 55-ը: Ժողովի ընթացքին քննարկուեցան եւ վաւերացուեցան ֆետերասիոնին վարչական եւ նիւթաբարոյական տեղեկագիրները: Ժողովականները քննարկեցին վոլիպոլի տարբեր տեսակի ախոյեանութիւններուն եւ մրցաշարքերուն ընթացքը, առանց սակայն յստակ թուական մը ճշդելու այն գծով,...

«Ազգերու Լիկա»-Ի Ֆութպոլի Մրցաշարք. Հայաստանի Հաւաքականին Մրցակիցները Յստակացան

Երէկ` երեքշաբթի, 3 մարտին, Ամսթերտամի մէջ (Նիտըրլենտ), տեղի ունեցաւ «Ազգերու լիկա»-ի ֆութպոլի վիճակաձգութիւնը: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, որ մաս կազմեց Գ. դասակարգի Բ. խմբակին, իրեն մրցակից պիտի ունենայ Վրաստանը, Մակեդոնիան եւ Էսթոնիան: Զտումի երթի մրցումները պիտի կատարուին սեպտեմբերէն նոյեմբեր, իսկ դարձի մրցումները` 2021-ին: Ա. դասակարգի Գ. խմբակին մրցումները պիտի ըլլան բաւական զօրաւոր` նկատի ունենալով, որ նոյն խմբակին մէջ են Փորթուգալ,...

Հայկական Ֆութպոլ. Հայաստանի Աղջկանց Հաւաքականը Պիտի Օժտուի Արտասահմանէն Ժամանելիք Մարզիկներով

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի աղջկանց ֆութպոլի բաժինի ընդհանուր պատասխանատու Աննա Թադէոսեան իր տուած մէկ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ըսաւ, որ աղջկանց հաւաքականը պիտի օժտուի արտասահմանէն ժամանելիք ֆութպոլիստներով: Թադէոսեանի համաձայն, կազմին պիտի միանան Միացեալ Նահանգներէն, Լատին Ամերիկայէն եւ Եւրոպայէն մարզիկներ: Ան աւելցուց, որ ներկայիս եւ ամբողջ 2020 տարուան ընթացքին հաւաքականը ոչ մէկ պաշտօնական մրցում պիտի կատարէ, այլ շարունակական փորձերով պիտի պատրաստուի եւ ձեւաւորուի,...

Ա. Էս. Ռոմա 87 Միլիոն Եւրոյի Վնաս Կրած Է

Իտալական Ա. Էս. Ռոմա ֆութպոլի ակումբը այս տարեշրջանին յայտնուած է տնտեսական դժուարին պայմաններու մէջ, յայտնեց «Քալչիօ-Մերքաթօ»: Տարեշրջանին սկիզբը Ա. Էս. Ռոմա կրած է 87 միլիոն եւրոյի վնաս մը: Համեմատութեան համար նշենք, որ նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին, մայրաքաղաքի ակումբը ապահոված էր 1,6 միլիոն եւրոյի շահ մը: Տնտեսական այս կորուստը կապուած է «Չեմփիընզ լիկ»-ին չմասնակցելուն, ինչպէս նաեւ Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Քալչիօ»-ի ծիրին...

Հայկական Ֆութպոլ. Հայկ Գալստեան Միացաւ Ալաշկերտին

Հայաստանի ֆութպոլի երիտասարդական հաւաքականի միջնապահ Հայկ Գալստեան երկու տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգին մէջ ելոյթ ունեցող Ալաշկերտի հետ: Ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը Միքա Երեւանի հետ սկսած 21 տարեկան Գալստեան վերջին հինգ տարիներուն Գերմանիոյ մէջ ելոյթ ունեցաւ Հոֆընհայմի 17 եւ 19 տարեկանէն վար խումբերուն, Պոխումի 19 տարեկանէն վար խումբին եւ Շթութկարթի Բ. կազմին հետ: Ան Հայաստանի 17 տարեկանէն...

«Քալչիօ». Մխիթարեան` 26-րդ Հանգրուանի Խորհրդանշական Հաւաքականին Մէջ

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ իտալական Ա. Էս. Ռոմայի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Քալչիօ»-ի 26-րդ հանգրուանի խորհրդանշական հաւաքականին մէջ ընդգրկուեցաւ «Ուու սքորտ»-ին կողմէ: Այդ հաւաքականին մէջ են նաեւ անոր երեք խմբակիցները: Այդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Ա. Էս. Ռոմայի արձանագրած յաղթանակին (Քալիարիի դէմ, 4-3) Մխիթարեան իր նպաստը բերաւ նշանակելով կոլ մը եւ կատարելով կոլի փոխանցում: Իր ակումբին հետ ան...

«Չեմփիընզ Լիկ»-ի Մրցումները Կրնան Յետաձգուիլ» Յայտարարեց Զեֆերին

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ին նախագահ Ալեքսանտր Զեֆերին երէկ յայտնեց, որ «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին գծով կատարուելիք մրցումները կրնան յետաձգուիլ «Քորոնա» ժահրին պատճառով, որ հետզհետէ աւելի կը տարածուի աշխարհի տարածքին: Ան ըսաւ, որ ներկայիս որեւէ մրցում չէ յետաձգուած, սակայն որեւէ պահու, երբ մրցումները հիւրընկալող երկիրներու առողջապահական մարմիններէն որեւէ լուր հաղորդուի իրենց, անմիջապէս մրցումները պիտի յետաձգեն: Երէկ տարաձայնութիւններ կային, որ Եուվենթուս -...

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-Ի 2023-ի Գերբաժակի Մրցումը` Ռուսիոյ Մէջ

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն պաշտօնապէս յայտարարեց յառաջիկայ երկու տարեշրջաններուն տեղի ունենալիք գերաբաժակի մրցաշարքի կայացման վայրերը: 2022-ին անիկա տեղի պիտի ունենայ Հելսինքիի ողիմպիականի մարզադաշտին վրայ, իսկ 2023-ին` ռուսական Քազան քաղաքի «Քազան-Արենա» մարզադաշտին վրայ: 2021-ին անոր կայացման վայրը արդէն իսկ ճշդուած էր: Անիկա տեղի պիտի ունենայ Հիւսիսային Իրլանտայի Պելֆասթ քաղաքի «Ուինտսոր փարք» մարզադաշտին վրայ:

Page 619 of 1279 1 … 618 619 620 … 1,279

Արխիւներ