Ինչպէս ծանօթ է, 24 յուլիսէն 9 օգոստոսին Ճափոնի մէջ տեղի պիտի ունենան Թոքիօ-2020-ի 32-րդ ամառնային ողիմպիական խաղերը:
Ողիմպիական խաղերուն կայացման գծով կը կատարուին տարբեր յայտարարութիւններ, որոնք սակայն ցարդ պաշտօնական չեն նկատուիր:
Կ՛ըսուի, որ այդ խաղերը կրնան յետաձգուիլ: Ոմանք կ՛ըսեն, որ անոնք տեղի պիտի ունենան առանց հանդիսատեսներու` «Քորոնա» ժահրին պատճառով:
Միջազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը երէկ յայտնեց, որ խաղերուն պաշտօնական բացման հանդիսութեան ընթացքին իւրաքանչիւր երկրի դրօշակակիրները պիտի ըլլան երկու անձեր (տղամարդ եւ կին):
Միջազգային ողիմպիական կոմիտէն այս նոր ձեւը որդեգրեց, որպէսզի երկու սեռերուն միջեւ հաւասարութիւն գոյանայ:
Ողիմպիականի ջահը պիտի վառի 11 մարտին, ըստ աւանդութեան` Յունաստանի մէջ: Անիկա Ճափոն պիտի տեղափոխուի 20 մարտին:
Այս խաղերուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 206 երկիրներէ շուրջ տասնմէկ հազար երկսեռ մարզիկներ, որոնք պիտի մրցին 33 մարզաձեւերու մէջ:



