ՖԻՖԱ-ն երէկ պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց, որ կապի մէջ մտնելով համապատասխան ֆետերասիոններու նախագահներուն հետ, որոշեց Ասիոյ ցամաքամասին մէջ Քաթար-2022-ի մոնտիալի եւ Չինաստան-2023-ի Ասիոյ բաժակի մրցաշարքերուն գծով կատարուելիք բոլոր մրցումները անխտիր յետաձգել:
Այդ յետաձգումին պատճառը «Քորոնա» ժահրն է, որով վարակուած անձերուն թիւը կ՛աւելնայ տարբեր երկիրներու մէջ: