
Ինչպէս ծանօթ է, 6-7 մարտին Լիբանան կը մրցի Թայլանտի դէմ, Ասիա-Ովկիանիա ցամաքամասին մէջ տեղի ունենալիք թենիսի «Տէյվիս Քափ»-ի մրցաշարքին ծիրին մէջ:
Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնը երէկ յայտնեց, որ մրցաշարքին պաշտօնական բացումը տեղի պիտի ունենայ վաղը` շաբաթ, 7 մարտին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին:
Սկզբունքով անիկա տեղի պիտի ունենար այսօր, սակայն անոր կայացումը յետաձգուեցաւ վաղուան` նկատի ունենալով, որ շատ հաւանաբար այսօր անձրեւէ, ըստ օդերեւութաբանական տուեալներուն:
Այսօր տեղի կ՛ունենան անհատական երկու մրցումներ: Առաջինը` առաւօտեան ժամը 10:30-ին, իսկ երկրորդը` յետմիջօրէի ժամը 12:30-ին:
Իսկ վաղը, պաշտօնական բացումէն ետք, տեղի պիտի ունենայ զոյգի մրցումը, որուն պիտի յաջորդէ անհատական մրցումը:
Մրցումները պիտի կատարուին «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի կեդրոնին մէջ` Քասլիք: