Իր վերստեղծումէն ետք, Հայաստանի ֆութպոլի աղջկանց ազգային հաւաքականը կատարեց իր առաջին մրցումը, երբ բարեկամական հանդիպումի մը ընթացքին մրցեցաւ Լիթուանիոյ դէմ:
Հակառակ անոր որ մրցումին սկզբնաւորութեան հայրենի մարզիկները տպաւորիչ ելոյթ կ՛ունենային, սակայն անոնց կողմէ ի գործ դրուած ճիգերը չէին արդիւնաւորուեր «Ֆինիշինկ»-ի պակասի պատճառով:
Մրցումին աւարտէն տասը վայրկեան առաջ, մրցակից կազմը հակայարձակումէ մը ետք նշանակեց մրցումին միակ կոլը:
Այս մրցումը տեղի ունեցաւ Փիւնիկի մարզադաշտին վրայ:
Վաղը` ուրբաթ, 6 մարտին, երկու կազմերը իրարու դէմ պիտի կատարեն իրենց երկրորդ մրցումը: