Երէկ` հինգշաբթի, 5 մարտին, «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ կատարուեցան 9 ճակատումներ:
Արեւելեան շրջանի պարագլուխի դիրքը գրաւող Միլուոքի Պաքս, որ արդէն իսկ ապահոված է փլէյ օֆի իր տոմսը, արձանագրեց տարեշրջանի իր 53-րդ յաղթանակը (9 պարտութեան կողքին), երբ 119-100 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր հիւրը` Ինտիանա Փէյսըրզը: Յաղթական կազմէն Ճիաննիս Անթեթոքունմփօ նշանակեց 29 կէտ:
Տալասի մէջ, Մավըրիքս երկարաձգումէն ետք յաղթեց իր հիւրին` Նիւ Օրլինզին, 127-123 արդիւնքով:

Յաղթական կազմէն թրիփըլ տապըլի հեղինակ դարձաւ Լուքա Տոնքիչ (30 կէտ, 17 ռիպաունտ, 10 էսիսթ), մինչ անոր խմբակից Քրիսթիանօ Փորզինկիս նշանակեց 34 կէտ:
Թէեւ Քոլին Սեքսթըն նշանակեց 41 կէտ, սակայն անոր կազմը` Քլիվլենտ Քաւալիրզ, 112-106 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց իր հիւրէն` Պոսթըն Սելթիքսէն:
Փորթլենտի մէջ, Թրէյլ Պլէյզըրզ յաղթեց իր հիւրին` Ուաշինկթըն Ուիզըրտծին, 125-104 արդիւնքով: Յաղթական կազմէն Քարմելօ Անթոնի նշանակեց 25 կէտ: