Սպանիոյ, Գերմանիոյ եւ Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, այսօր` ուրբաթ, 6 մարտին կը կատարուին երեք մրցումներ:
Սպանիոյ ախոյեանութեան 27-րդ հանգրուանին բացման գծով, այսօր ժամը 22:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով) Ալաւես (13-րդ) կը հիւրընկալէ Վալենսիան (7-րդ):
Գերմանիոյ ախոյեանութեան գծով (25-րդ հանգրուան), այսօր կը կատարուի Փատերպոռն (18-րդ) – Քէօլն (11-րդ) բացման մրցումը (21:00-ին):
Իսկ Ֆրանսայի մէջ, 28-րդ հանգրուանի բացման ծիրին մէջ, 2-րդ դիրքին վրայ գտնուող Մարսէյ կը հիւրընկալէ Ամիենը (19-րդ), ժամը 22:00-ին: