Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը իր գումարած մէկ նիստին ընթացքին պաշտօնապէս յայտարարեց, որ ծրագրուած եւ կատարուելիք բոլոր մրցումներն ալ կը յետաձգուին անորոշ թուականով` «Քորոնա» ժահրին տարածման պատճառով:
Նախորդ շաբաթավերջին եւ անկէ առաջ տեղի կ՛ունենային կրտսերներու եւ աղջկանց (մեծեր եւ 15 տարեկանէն վար) ախոյեանութեան մրցումներ:



