Գերմանական Ոստիկանութիւնը Դէմ Է Պունտըսլիկայի վերսկսման
«Frankfurter Allgemeine Zeitung» կը հաղորդէ ըսելով, որ Գերմանիոյ ոստիկանութիւնը ամբողջութեամբ դէմ է Պունտըսլիկայի վերսկսման գաղափարին: Ըստ ոստիկանութեան, ախոյեանութեան վերսկսումը կրնայ լուրջ հետեւանքներ ունենալ «ՔՈՐՈՆԱ» ժահրին տարածումին, նկատի ունենալով որ անոր վերսկսումը մարզադաշտերուն շրջակայքը կրնայ խճողել համակիրներով: Եթէ այս մէկը տեղի ունենայ, ապա ուրեմն ոստիկանութիւնը ստիպուած պիտի ըլլայ միջամտելու, ցրուելու համար ֆութպոլասէր հասարակութիւնը: Վերջերս, Գերմանիոյ առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտարարութեամբ մը հանդէս գալով...
