«ՖԻՏԷ»-ին մամլոյ քարտուղարութիւնը հրապարակեց այն երկիրներուն անունները, որոնք իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն կազմակերպութեան կողմէ կազմակերպուած «Ազգերու Լիկա»-ի ճատրակի առցանց մրցաշարքին:
Մրցաշարքին կը մասնակցին՝Ռուսիա, Եւրոպա, Չինաստան, Հնդկաստան, Աշխարհի հաւաքականը եւ ՄիացեալՆահանգներ:
Աշխարհի նախկին երկու ախոյեաններ՝ Կէրի Գասպարով եւ Վլատիմիր Քրամնիք ելոյթ պիտի ունենան եւրոպայի կազմին հետ:
Հայաստանի կազմը իր մասնակցութիւնը պիտի չբերէ այս մրցաշարքին:
Մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ առցանց, 5 մայիսէն՝ 10 մայիս:



