«Frankfurter Allgemeine Zeitung» կը հաղորդէ ըսելով, որ Գերմանիոյ ոստիկանութիւնը ամբողջութեամբ դէմ է Պունտըսլիկայի վերսկսման գաղափարին:
Ըստ ոստիկանութեան, ախոյեանութեան վերսկսումը կրնայ լուրջ հետեւանքներ ունենալ «ՔՈՐՈՆԱ» ժահրին տարածումին, նկատի ունենալով որ անոր վերսկսումը մարզադաշտերուն շրջակայքը կրնայ խճողել համակիրներով: Եթէ այս մէկը տեղի ունենայ, ապա ուրեմն ոստիկանութիւնը ստիպուած պիտի ըլլայ միջամտելու, ցրուելու համար ֆութպոլասէր հասարակութիւնը:
Վերջերս, Գերմանիոյ առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտարարութեամբ մը հանդէս գալով ըսաւ, որ շատ հաւանաբար յառաջիկայ 9 մայիսին Պունտըսլիկան վերսկսի:
Այժմ կարգ մը ակումբներ արդէն իսկ սկսած են իրենց փորձերուն՝ զգուշաւոր ձեւով:
Որոշուած է մրցումները կատարել առանց համակիրներու: Իւրաքանչիւր ակումբէն մարզադաշտ մուտք կրնան գործել 126 անձեր, որոնց կարգին՝ ֆութպոլիստները: Իսկ իւրաքանչիւր մրցումի ընթացքին, ներկայ կրնան ըլլալ միայն 30 թղթակիցներ:



