Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէն կը տեղեկանանք, որ կեանքէն հեռացաւ Հայաստանի ճատրակի վաստակաւոր մարզիչ եւ կրանտմասթըր՝Արսէն Եղիազարեան:
Ան յառաջիկայ 18 մայիսին կը դառնար 50 տարեկան:
Ֆետերասիոնը իր ցաւակցութիւնները յայտնեց անոր ընտանիքին,անոր այս վաղաժամ կորուստին համար:
Եղիազարեանի գլխաւորած Հայաստանի աղջկանց հաւաքականը, 2003-ին հռչակուեցաւ Եւրոպայի աղջկանց խմբային ախոյեան,իսկ 2007-ին, Եւրոպայի աղջկանց խմբային առաջնութեան, տիրացաւ պրոնզ մետալին:



