Առողջապահութեան Միջազգային Կազմակերպութիւնը, ԵՈՒ.Է.ԷՖ.Ա.-ին խորհուրդ տուաւ, եւրոպական մրցաշարքերը չշարունակել մինչեւ 2021, այս գծով յայտնեց Daily Mail-ը:
Անիկա եւրոպական ֆութպոլի կազմակերպութեան յորդորեց ըսելով, որ աւարտին հասցնել միայն իւրւքանչիւր երկրի ներքին ախոյեանութիւնները, մինչ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի եւ «Եւրոպայի Լիկա»-ի մրցումներուն վերսկսիլ միայն 2021-ին երկրորդ կէսէն ետք:
Ըստ ոչպաշտօնական տեղեկութիւններու, եւրոպական խումբերը իրենց նախնական փորձերուն պիտի սկսին մայիսի սկիզբը, մինչ հաւանական է, որ նոյն ամսուն վերջը շարունակուին կիսատ մնացած ախոյեանութիւնները՝առանց համակիրներու:



