Մարզական

Պունտըսլիկա- ն Պիտի Վերսկսի Յառաջիկայ 15 Մայիսին

«Reuters» կը յայտնէ ըսելով, որ Գերմանիոյ իշխանութիւնները արտօնած են, որ յառաջիկայ 15 մայիսին սկսիլ Պունտըսլիկա- ն: Ըստ վերոնշեալ աղբիւրին, այդ մէկին արտօնութիւնը տուած է Գերմանիոյ վարչապետը՝ Անճելա Մերքել: Նշենք, որ շուրջ շաբաթէ մը ի վեր, ակումբները իրենց փորձերուն սկսած են, բայց բաւական զգուշաւոր ձեւով, մարզիկներուն միջեւ որոշ հեռաւորութիւն մը պահելով եւ փոքր խմբակներով (ոչ բոլորը միասնաբար): Ինչպէս ծանօթ է, որ...

Ռոնալտօ Վերադարձաւ Իտալիա

Իտալական Եուվենթուս ֆութպոլի ակումբին մաս կազմող փորթուգալցի միջազգային յառաջապահ՝ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ հրաժեշտ տալով իր ծննդավայրին՝ Մատէյրային, վերադարձաւ Իտալիա, այս գծով յայտնեց «Football Italia»-ն : Շուրջ երկու շաբթուան ինքնամեկուսացումէն ետք, ան իր ակումբին հետ պիտի սկսի իր փորձերուն, որպէսզի երբ Քալչիոյի վերսկսման ազդանշանը տրուի ան պատրաստ ըլլայ իր կատարելիք մրցումներուն: Նշենք, որ Իտալիոյ կառավարութեան որոշումով, այս շաբաթասկիզբին ակումբներուն արտօնութիւն տրուեցաւ վերսկսիլ...

Ճատրակ. «ՖԻՏԷ»- ի «Ազգերու- Լիկա»- ի Առցանց Մրցաշարք. Արոնեանի Անյաջող Մեկնարկը Եւրոպայի Կազմին Հետ

Հայկական ճատրակի յառաջատար՝ Լեւոն Արոնեան անյաջող ձեւով սկսաւ «ՖԻՏԷ»- ի «Ազգերու- Լիկա»- ի առցանց մրցաշարքը: Եւրոպայի խումբին հետ հանդէս եկող Արոնեանի կազմը Ա. հանգրուանին մրցեցաւ Ռուսիոյ դէմ: Հանդիպումը աւարտեցաւ 2-2 հաւասարութեամբ: Արոնեան սեւ քարերով պարտութիւն մը կրեց: Իսկ Բ. հանգրուանին, Արոնեան արձանագրեց հաւասարութիւն մը: Անոր կազմը կրեց 3-1 արդիւնքով պարտութիւն մը Չինաստանէն: Նշենք, որ «ՖԻՏԷ»- ն առաջին անգամ ըլլալով է,...

Պարսելոնա Վերադառնալու Համար՝ Նէյմար Պատրաստ Է Հրաժարիլ Իր Աշխատավարձի Կէսէն

Ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմէնի եւ Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբին յառաջապահ՝Նէյմար ամէն գնով պիտի աշխատի մարզիկներու յառաջիկայ փոխանցման ընթացքին, վերադառնալ իր նախկին ակումբին՝ Պարսելոնային: «El Mundo Deportivo»-ի համաձայն, ան ներկայիս մտադիր չէ իր պայմանագրութիւնը երկարաձգել ֆրանսական ակումբին հետ, որովհետեւ կը սպասէ քաթալոնիական ակումբէն իրեն ներկայանալիք առաջարկին: 28 տարեկան ֆութպոլիստը, նոյնիսկ պատրաստ է Պարսելոնա տեղափոխման դիմաց հրաժարիլ իր աշխատավարձին կէսէն: Ան օգոստոս...

Արսենալ Պատրաստ Է Հրաժարիլ Հենրիխ Մխիթարեանէն

Լոնտոնեան Արսենալ ֆութպոլի ակումբը պատրաստ է հրաժարիլ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին միջնապահ՝ Հենրիխ Մխիթարեանէն, այս գծով կը յայտնէ «Mirror»-ը: Ըստ պարբերաթերթին, մայրաքաղաքի ակումբին ղեկավարութիւնը պատրաստ է ծախել հայ միջնապահին, եթէ անոր փոխանցման դիմաց ստանայ 10 միլիոն սթերլին: Ըստ վերջերս շրջան ընող լուրերուն, Մխիթարեանի այժմու ակումբին ղեկավարութիւնը՝ Ա.Էս.Ռոմա, դրական բանակցութիւններ ունեցած է անգլիական ակումբին հետ: Ինչպէս ծանօթ է, որ մինչեւ այս...

Ճատրակ. Քարլսըն յաղթեց առցանց մրցաշարքին

Աշխարհի ճատրակի ախոյեան՝ նորվեկիացի Մակնուս Քարլսըն յաղթեց իր կազմակերպած առցանց մրցաշարքին: Նմանօրինակ մրցաշարք մը պատմութեան մէջ տեղի կ՛ունենար առաջին անգամ ըլլալով: Աւարտականի մրցումին Քարլսըն, որ իրեն մրցակից ունէր ամերիկացի Հիքարու Նաքամուրան, արձանագրեց՝ 2,5-1,5 արդիւնքով յաղթանակ մը: Շրջանաձեւ մրցակարգով տեղի ունեցած այս մրցաշարքին ընդհանուր մրցանակային ֆոնտը կը կազմէր՝ 250 հազար ամերիկեան տոլար: Յաղթականը ստացաւ՝70 հազար ամերիկեան տոլար: Նշենք, որ մրցաշարքին կը...

Իտալիոյ մէջ բոլոր ակումբներուն արտօնուեցաւ վերսկսիլ իրենց փորձերուն

Իտալական մարզական մամուլէն կը տեղեկանանք, որ երկրին կառավարութիւնը բոլոր ֆութպոլի ակումբներուն արտօնած է վերսկսիլ իրենց փորձերուն: Այս որոշումը ուժի մէջ մտաւ այսօր՝ երկուշաբթի, 4 մայիսէն սկսեալ: Նշուեցաւ, որ սկզբնական շրջանին ֆութպոլիստները իրենց փորձերուն պիտի սկսին, բնականաբար իրենց միջեւ որոշ հեռաւորութիւնը պահելով եւ անշուշտ պզտիկ խումբերով եւ ոչ՝բոլորը միասնաբար: Նախքան այս լուրին հրապարակումը կը կարծուէր, որ այս տարեշրջանը շատ հաւանաբար ժամանակէն...

Ճատրակ. Վեց հայեր մրցանակային դիրքեր գրաւեցին առցանց մրցաշարքին

Ճատրակ. Վեց հայեր մրցանակային դիրքեր գրաւեցին առցանց մրցաշարքին

Կազմակերպութեամբ՝Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին, երկու օրուան տեւողութեան վրայ, տեղի ունեցաւ ճատրակի առցանց տարիքային մրցաշարք մը, 8,10,12,14,16 եւ 18 տարեկան դասակարգերուն մէջ: Տեղի ունեցան 7 հանգրուանի մրցումներ: Մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերած  97 երկսեռ խաղացողները բաժնուեցան տարբեր խմբակներու: Անոր իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ բազմաթիւ հայեր, որոնցմէ վեցը մրցանակային դիրքեր գրաւեցին: 8 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ Ալիք Գրիգորեան հանդիսացաւ առաջին, 10 տարեկանէն...

«Քորոնա» ժահրին նոր ալիքին պատճառով՝ Պունտըսլիկայի վերսկսումը հարցականի տակ է

Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան՝ Պունտըսլիկայի վերսկսումը հարցականի տակ է, «Քորոնա» ժահրի նոր ալիքին պատճառով, այս գծով յայտնեց «Bild»-ը: Անոր վերսկսումը նախատեսուած էր յառաջիկայ 9 մայիսին: Անցնող քանի մը օրերուն ընթացքին վերոնշեալ ժահրին պատճառով մահացածներուն թիւը զգալիօրէն աւելցաւ, ինչ որ պատճառ դարձաւ անոր հաւանական յետաձգումին: Գերմանական մարզական մամուլին համաձայն, ախոյեանութեան վերսկսման արտօնութիւնը կրնայ տալ միայն, երկրին վարչապետը՝ Անճելա Մերքել:

Ֆրանսական Ֆութպոլ. Փարիզ Սեն Ժերմէն Հռչակուեցաւ Երկրին Ախոյեան

Ֆրանսայի ֆութպոլի արհեստավարժ լիկան պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Փարիզ Սեն Ժերմէն հռչակուեցաւ 2019-2020 տարեշրջանի ախոյեան: Անիկա 9-րդ անգամ ըլլալով կը տիրանայ ախոյեանութեան տիտղոսին: Այսպիսով անիկա վաղաժամ աւարտեց տարեշրջանը, երկրին ախոյեան հռչակելով մայրաքաղաքի կազմը: Յառաջիկայ տարեշրջանին, «Չեմփինզ-Լիկ»-ի մրցաշարքին պիտի մասնակցին՝ Փարիզ Սեն Ժերմէն, Մարսէյ եւ Ռէնն, իսկ «Եւրոպայի-Լիկա»-ին՝ Լիլ, Ռեմ եւ Նիս: Թուլուզ եւ Ամիեն կը փոխադրուին Բ. դասակարգ,...

Ճատրակ. Արոնեան կը մնայ 7-րդ՝ «ՖԻՏԷ»-ի միջազգային նոր դասաւորման մէջ

Հայկական ճատրակի առաջատար՝Լեւոն Արոնեան «ՖԻՏԷ»-ի միջազգային նոր դասաւորման մէջ, կը շարունակէ մնալ 7-րդ դիրքին վրայ: Հայաստանի ներկայացուցիչներէն առաջին հարիւրին մէջ են՝ Գաբրիէլ Սարգսեան (53-րդ), Կարէն Գրիգորեան (71-րդ), Հրանդ Մելքումեան (77-րդ) եւ Սերկէյ Մովսիսեան (99-րդ): Առաջին դիրքին վրայ է աշխարհի ախոյեան նորվեկիացի՝ Մակնուս Քարլսըն:  

Ողիմպիականի Խաղերուն Յետաձգման Պատճառով՝ Միջազգային Ողիմպիական Կոմիտէն Միլիոնաւոր Տոլարներու Կորուստ Կ՛ունենայ

Ինչպէս ծանօթ է, որ «ՔՈՐՈՆԱ» ժահրին պատճառով, «Թոքիօ-2020»-ի 32-րդ Ամառնային Ողիմպիականի խաղերը յետաձգուեցան յառաջիկայ տարուան եւ ըստ կազմակերպութեան մամլոյ քարտուղարութեան կողմէ հրապարակուած յայտարարութեան, անոր նոր թուական ճշդուեցաւ՝ 23 յուլիս-8 օգոստոս 2021-ը: Այս խաղերուն յետաձգումը պատճառ դարձաւ, որ Միջազգային Ողիմպիական Կոմիտէն միլիոնաւոր տոլարներու կորուստ ունենայ: Կազմակերպութեան գերմանացի նախագահը՝ Թոմաս Պախ յայտնեց ըսելով, որ բնականաբար այդ բոլոր կորուստները պարտաւոր է ինքն իր...

Հայկական Ֆութպոլ. Հայաստանի Ֆետերասիոնը Ախոյեանութեան Վերսկսման Ժամկէտներու Քանի Մը Տարբերակ Ունի

Հայաստանի Ֆութպոլի ֆետերասիոնին գործադիր կոմիտէին գումարած նիստէն ետք յայտարարուեցաւ, որ բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան վերսկսման գծով քննարկուեցան քանի մը տարբերակներ: Ընդհանուր յայտարարի գալէ ետք է որ միայն, ֆետերասիոնը պաշտօնական յայտարարութիւն մը պիտի հրապարակէ: Գործադիր կոմիտէն, մօտիկ ապագային պիտի գումարէ այլ նիստ մըն ալ, որուն ընթացքին շատ հաւանաբար այլ յստակացումներ կատարէ եւ հրապարակէ պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը: Ախոյեանութենէն բացի, պիտի յստականայ նաեւ բաժակի...

Ճատրակ. «ՖԻՏԷ»-ն Հայ Ճատրակ Խաղացողներուն Կոչումներ Շնորհեց

Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէն կը տեղեկանանք, որ «ՖԻՏԷ»-ն Հայաստանը ներկայացնող երկու ճատրակ խաղացողներուն կոչումներ շնորհեց: Երիտասարդ ճատրակ խաղացող՝ Քոնսթանթին Եայլոյեանի շնորհուեցաւ «ՖԻՏԷ»-ի վարպետի կոչում, իսկ պատանի ճատրակ խաղացող, Եւրոպայի 12 տարեկանէն վար փոխախոյեան՝ Ռոպերթ Փիլիփոսեանի՝ «ՖԻՏԷ»-ի վարպետի թեկնածուի կոչում:

«Լիկ-1». Ֆրանսայի Ֆութպոլի Ախոյեանութիւնը Կրնայ Վերսկսիլ Օգոստոսին

«L'Equipe» յայտնեց ըսելով, որ Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութիւնը կրնայ վերսկսիլ միայն յառաջիկայ օգոստոսին: Ֆրանսայի իշխանութիւնները կտրուկ կերպով կը մերժեն, որ «Քորոնա» ժահրի այս հանգրուանին ախոյեանութիւնը վերսկսի, նոյնիսկ եթէ յառաջիկայ 11 մայիսին երկրին մէջ վերցուին անվտանգութեան հետ կապուած սահմանափակումները: Նշենք, որ վերջերս «Լիկ»-1-ին մէջ հանդէս եկող ակումբներուն մեծամասնութիւնը եկած էր այն եզրակացութեան, որ մինչեւ ստեղծուած իրավիճակը չկարգաւորուի, անոնք իրենց մասնակցութիւնը չեն կրնար...

Աթլէթները Նիւթական Օժանդակութիւն Պիտի Ստանան Միջազգային Ֆետերասիոնէն

Աթլեթիզմի միջազգային ֆետերասիոնը, նիւթական օժանդակութիւն պիտի տրամադրէ աթլէթներուն,այս գծով յայտնեց կազմակերպութեան մամլոյ քարտուղարութիւնը: Անիկա հիմնադրամ մը ստեղծեց, օժանդակելու համար այն արհեստավարժ մարզիկներուն, որոնք տնտեսական հարցեր ունին եւ «Քորոնա» ժահրին պատճառով «բանտարկուած» ըլլալով, չեն կրնար իրենց բնականոն փորձերը կատարել: Հիմնադրամին ֆոնտը կը կազմէ՝ 500 հազար ամերիկեան տոլար: Նախորդ 24 ապրիլին յայտարարուեցաւ, որ Եւրոպայի ախոյեանութիւնը ջնջուեցաւ, վերոնշեալ ժահրին պատճառով: Անիկա նախատեսուած էր...

«ՖԻՖԱ»-ի Գլխաւոր Բժիշկը ԴԷմ է Տարեշրջանի Վերսկսումին

Ֆութպոլի միջազգային ֆետերասիոնի՝«ՖԻՖԱ»-ի բժշկական կոմիտէի նախագահ Միշէլ Տհուկէ յորդորեց, «Քորոնա» ժահրին պատճառով դադրեցուած տարեշրջանը չվերսկսիլ, փոխանցեց The Telegraph-ը։ «Մենք կ՛ենթարկուինք պետական մարմիններու որոշումներուն։ Ֆութպոլը այժմ ամենէն կարեւոր բանը չէ։ Ես շատ ուրախ կ՛ըլլամ, որ մենք ֆութպոլին վերադառնանք օգոստոս-սեպտեմբերին՝ նոր տարեշրջանին, իսկ մինչեւ այդ ոչինչ չձեռնարկենք։ «Նաեւ նոր տարեշրջանին պէտք է արգիլենք խաղադաշտին մէջ թքելու երեւոյթը։ Այդ մէկը կրնայ իր վատ...

Արժանթինի Ֆութպոլի Ախոյեանութիւնը Վաղաժամ Աւարտեցաւ

Արժանթինի ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ «Քորոնա» ժահրին պատճառով 2019-2020 տարեշրջանը վաղաժամ աւարտեցաւ: Երկրին ֆութպոլի ֆետերասիոնին նախագահը Քլաուտիօ Ֆապիան Թափիա յայտարարեց ըսելով, որ այս ընթացքով կարելի չէ ախոյեանութեան վերսկսիլ: Սակայն ցարդ անորոշ է այն կէտը, թէ որեւէ խումբ ախոյեան պիտի հռչակուի՞, կամ՝ոչ: Ախոյեանութեան կիսատ մնալէն ետք, ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքը կը գրաւէ՝ Պոքա Ժունիորզ: Երկրորդ...

«Ֆորմիւլա-1». Ֆրանսայի «Կրան-Փրի»-ն Չեղեալ Համարուեցաւ

Ֆրանսական մարզական մամուլը երէկ հաղորդեց, որ «Ֆորմիւլա-1»-ի 2020 տարեշրջանի ախոյեանութեան ծիրին մէջ տեղի ունենալիք Ֆրանսայի «կրան-փրի»-ն չեղեալ համարուեցաւ, աշխարհի տարածքին գտնուող «ՔՈՐՈՆԱ» ժահրին պատճառով: Ֆրանսայի «կրան-փրի»-ն, տեղի պիտի ունենար յառաջիկայ 26-28 յունիսին: Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն երկարաձգեց երկրին տարածքին գտնուող արտակարգ դրութիւնը: Նշենք, որ այս տարեշրջանին ցարդ ոչ մէկ «կրան-փրի» տեղի ունեցած է:

«Փրեմիեր-Լիկ». Ախոյեանութեան Վերսկսումէն Ետք… Հինգ Մարզիկի Փոփոխութի՞ւն

Անգլիական «Փրեմիեր-Լիկ»-ի ղեկավարութիւնը մտադիր է, ախոյեանութեան վերսկսումէն ետք, ակումբներուն թոյլատրել հինգ մարզիկի փոփոխութիւն՝ մրցումի մը ընթացքին, այս մասին յայտնեց՝«The Sun»-ը: Անիկա այս որոշումին եկաւ, նկատի ունենալով որ գերխճողուած յայտագիրին պատճառով, ֆութպոլիստները կրնան աւելիով վնասուածք ստանալ, քան ինչ որ կը ստանային նախապէս: Նշենք, որ յառաջիկայ մայիս ամսուան ընթացքին, մարզիկները պէտք է որ սկսին իրենց փորձերուն (իրենց տուներուն մէջ), մինչ անոնք իրենց...

Page 609 of 1279 1 … 608 609 610 … 1,279

Արխիւներ