«ԵՈՒ.Է.ԷՖ.Ա.»-ի նախագահ Ալեքսանտր Զեֆերին իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ իր գլխաւորած կազմակերպութիւնը յոյս ունի, որ կարելի պիտի ըլլայ գտնել այն տարբերակը, որպէսզի տարեշրջանը ամէն գնով շարունակել:
«Աւելի լաւ պիտի ըլլայ տարեշրջանը շարունակել առանց համակիրներու, քան մրցումները բնաւ չկատարել: Մեզի համար առաջնահերթ է ֆութպոլիստներուն, մարզիչներուն եւ համակիրներուն առողջութիւնը: Մենք մեր ամէն կարելին պիտի ընենք, որպէսզի մեր ծրագրածները անվտանգ անցընենք:
«Լաւատես եմ տարեշրջանը սկսելու գծով, սակայն կը կարծեմ, որ եւրոպական մրցաշարքերը չենք կրնար աւարտել մինչեւ այս տարուան սեպտեմբերէն կամ հոկտեմբերէն առաջ: Նշեմ նաեւ, որ ընդհատուած մրցաշարքերը իրենց անդրադարձը պիտի ունենան յառաջիկայ տարեշրջանին յայտագիրին վրայ», Զեֆերինի խօսքը փոխանցեց Sportface.it-ը:



