Երեւանի Ալաշկերտ ֆութպոլի ակումբը հերքեց շրջան ընող այն տարաձայնութիւնները, ըստ որոնց ակումբը պիտի լքէ բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութիւնը:
«Արմենփրէս»-ի հաղորդմամբ, ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ նշուած է ակումբին նախագահ`Բագրատ Նավոյեանի հետեւեալ խօսքը.
«Կը կարծեմ, որ այսօր «ՔՈՐՈՆԱ» ժահրին պատճառով, տնտեսական խնդիրներ ունին գրեթէ բոլորը անխտիր`անհատներէն մինչև հզօր պետութիւններ: Ալաշկերտը մեծ պատասխանատուութեամբ պիտի պատրաստուի ախոյեանութեան վերսկսման: Ունինք զօրաւոր խումբ եւ մեր միակ նպատակը կը մնայ անփոփոխ.պիտի պայքարինք ախոյեանութեան համար»:
Նավոյեան շեշտեց նաեւ այն, որ բարձրագոյն դասակարգի առաջին վեց ակումբներուն նախագահներուն հետ քննարկումէն ետք, ան հանդիպած է Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին ղեկավարութեան հետ, ներկայացնելով իրավիճակը:
«Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին հետ մշտական կապի մէջ ենք: Եթէ պայմանները քիչ մը արտօնեն եւ կարելի ըլլայ յաղթահարել «ՔՈՐՈՆԱ» ժահրին, յոյսով եմ, որ շուտով պիտի վերսկսինք մեր փորձերուն», եզրափակեց ան:



