Քաթալոնիական Պարսելոնա ֆութպոլի ակումբը մտադիր է վաճառքի հանել խումբին մարզադաշտին անուանումը:
Ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ այս մէկը կը կատարուի, որպէսզի կարելի ըլլայ դուրս գալ տնտեսական ծանր տագնապէն: Նշուեցաւ, որ մարզադաշտին անուանումը նախատեսուած է մէկ տարիով:
Պարսելոնայի «Նու Քամփ» մարզադաշտը շինուած է 1957-ին: Անիկա կը համարուի Եւրոպայի ամէնէն մեծ մարզադաշտը, նկատի ունենալով, որ կրնայ հիւրընկալել 99,354 հանդիսատես:
Վերջերս նշուեցաւ, որ Պարսելոնա պիտի վնասէ 20 միլիոն եւրօ, եթէ Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութիւնը շարունակի առանց հանդիսատեսներու: Իւրաքանչիւր մրցում իր դաշտին վրայ առանց համակիրներու կատարելու համար, անիկա պիտի կրէ 3,3 միլիոն եւրօ վնաս՝ տոմսերու վաճառքէն:



