Մարզական

Ա.Սէ.Միլան Հետաքրքրուած՝ Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականին Յառաջապահով

Իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ, «ԱՐՄԵՆՓՐԵՍ» լրատու գործակալութիւնը յայտնեց, որ իտալական Ա.Սէ. Միլան ակումբը, մօտէն հետաքրքրուած է Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին յառաջապահ՝Նորպերթօ Պրիասքօ-Բալեկեանով: Նշուեցաւ, որ ֆութպոլիստին փոխանցումը նոյնիսկ տեղի կրնայ ունենալ այս ամրան ընթացքին: 24 տարեկան Բալեկեան,որ մաս կը կազմէ արժանթինեան Աթլեթիքօ Հուրաքան խումբին, անոր հետ այս տարեշրջանին ցարդ նշանակած է երկու կոլ: Ան 2018-էն ի վեր մաս կը կազմէ...

Օպամեյանկ Պիտի Տեղափոխուի Ռէալ Մատրիտ

Ռէալ Մատրիտի ղեկավարութիւնը բանակցած է լոնտոնեան Արսենալի ներկայացուցիչներուն հետ,կապոնցի յառաջապահ՝Փիեռ-Էմերիք Օպամեյանկի փոխանցման գծով,այս գծով յայտնեց «France Football»-ը: 30 տարեկան ֆութպոլիստը պիտի հեռանայ Արսենալէն,մարզիկներու յառաջիկայ փոխանցման ընթացքին,եթէ անգլիական ակումբը «Չեմփիընզ Լիկ»-ի տոմս մը չկարենայ ապահովել: Օպամեյանկ հրաժարեցաւ իր պայմանագրութիւնը երկարաձգել իր ակումբին հետ,որ կ՛աւարտի յունիս 2021-ին: Նշենք,որ «Փրեմիեր-Լիկ»-ի ընթացիկ ախոյեանութեան 28-րդ հանգրուանէն ետք,Արսենալ 40 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 9-րդ դիրքը:

Ճիանլուքա Վիալլի Յաղթահարեց Քաղցկեղային Հիւանդութեան

Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին նախկին ֆութպոլիստ՝Ճիանլուքա Վիալլի ըսաւ,որ յաղթահարեց ստամոքսային գեղձի քաղցկեղային հիւանդութեան,17 ամսուան բուժումէ ետք,այս գծով յայտնեց «Daily Mail»-ը: «Ֆիզիքապէս եւ հոգեբանօրէն ծանր էր վիճակս:Առողջութիւնս վերականգնած է եւ մազերս դարձեալ սկսած են աճիլ»,յայտնեց 55 տարեկան Վիալլի: Ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին,ան մաս կազմած է շարք մը անուանի ակումբներու,որոնց կարգին՝Եուվենթուս,Չելսի եւ ուրիշներ: Իսկ Իտալիոյ հետ,1990-ի մոնտիալին,ան դարձած է պրոնզէ մետալակիր:

Յովհաննէս Բաչքով Ապաքինած Է «Քորոնա» Ժահրէն

Հայաստանի կռփամարտի հավաքականի անդամ,Եւրոպայի ախոյեան,աշխարհի ախոյեանութեան պրոնզէ մետալակիր Յովհաննէս Բաչկով,ապաքինած է «Քորոնա» ժահրէն: «Արմենփրես»-ի հաղորդմամբ,այս մասին յայտնեց կռփամարտիկը: «Լոնտոնէն վերադառնալէս ետք,ինքնամեկուսացուած եմ տան մէջ՝կասկածելով,որ վարակուած եմ «Covid-19»-ով։Վեց օր տնային ինքնամեկուսացումէն ետք ենթարկուեցայ քննութիւններու եւ դժբախտաբար պատասխանը դրական էր։14 օր Գիւմրիի հիւանդանոցին մէջ մեկուսացուելէ ետք,կրկին քննութիւններու ենթարկուեցայ։Ուրախութիւն բոլորիս՝պատասխանը ժխտական էր»,ըսաւ մարզիկը:

Սկովտիոյ Մէջ Կ՛ուզեն Աւարտել Տարեշրջանը Եւ Ախոյեան Հռչակել Սելթիքին

Սկովտիոյ ֆութպոլի արհեստավարժ լիկան,կ՛ուզէ ապրիլի 23-էն ետք երկրին ախոյեանութիւնը համարել աւարտած, իսկ ախոյեան հռչակել ընթացիկ առաջատար Սելթիքին,կը հաղորդէ անգլիական The Guardian-ը։ Որոշումը ընդունելու համար անհրաժեշտ է բարձրագոյն դասակարգի 12 ակումբներուն 9-ին ձայնին։ Որոշ ակումբներ ոչպաշտօնապէս ձեւով սպառնացած են նման որոշումի մը պարագային,դատական հայց ներկայացնել լիկա-յին դէմ։Դատավարութիւններէն խուսափելու համար լիկա-ն կրնայ յաջորդ տարեշրջանին մասնակիցներուն թիւը 2-ով աւելցնել։ Նշենք,որ Պելճիքա եւս կ՛ուզէ...

Թենիս. Ուիմպըլտըն Ապահովագրական Ընկերութիւններէն Պիտի Ստանայ 141 Միլիոն Տոլարի Փոխհատուցում

Թենիսի Ուիմպըլտընի մրցաշարքին կազմակերպիչները,ապահովագրական ընկերութիւններէն պիտի ստանան 141 միլիոն ամերիկեան տոլարի փոխհատուցում,«ՔՈՐՈՆԱ» ժահրին պատճառով մրցաշարքին ջնջուելուն համար,յայտնեց «Տը Սան»-ը: Ուիմպըլտընի մրցաշարքը,17 տարի շարունակ,կատարած է տարեկան 2 միլիոն տոլարի ապահովագրական վճարումներ:Անոնց պատճառով է որ,անիկա պիտի ստանայ փոխհատուցումը: Նախորդ տարիներուն,Ուիմպըլտընի մրցաշարքին եկամուտը կազմած էր շուրջ 300 միլիոն ամերիկեան տոլար: Ուիմպըլտընի 134-րդ մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ 28 յունիսէն 11 յուլիս 2021-ին: Այս տարի...

ՖԻՖԱ. Հայաստան՝102-րդ Դիրքին Վրայ

Ֆութպոլի միջազգային կազմակերպութեան՝ՖԻՖԱ-ին կողմէ հրապարակուած միջազգային նոր դասաւորման մէջ,Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը մնաց նոյն դիրքին վրայ՝102-րդ: Հայրենի կազմը իր տրամադրութեան տակ ունի՝1213 վարկանշային կէտ: Պարագլուխի դիրքին վրայ կը գտնուի Պելճիքա:Անոր ետին կը գտնուի Ֆրանսա,մինչ լաւագոյն եռեակը կ՛ամբողջացնէ՝Պրազիլ: Լաւագոյն տասնեակին մէջ են նաեւ՝Անգլիա,Ուրուկուէյ,Խրուաթիա,Փորթուգալ,Սպանիա,Արժանթին եւՔոլոմպիա:

Ճատրակ. Ճիօ Գալուստի բացառիկ նուաճումը

Ճատրակ. Ճիօ Գալուստի բացառիկ նուաճումը

Մեսրոպեանի աշակերտ Ճիօ Գալուստ ուրախալի նուաճում մը եւս աւելցուց իր անուան դիմաց, խլելով "Beating Corona -2" ճատրակի առցանց մրցաշարքին առաջնութիւնը, որ տեղի ունեցաւ 3-4 Ապրիլին, հովանաւորութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին: Ճիօ իր բոլոր 7 մրցումները աւարտեց յաղթանակով: Անոր մրցակիցներու շարքին էին Լիբանանի ճատրակի անցած տարուան ախոյեանն ու Լիբանանի ճատրակի հաւաքականի մէկ այլ անդամ: Կը շնորհաւորենք Ճիօ Գալուստը՝ այս առիթով եւ կը...

Թոթենհամ Խախտեց Անգլիոյ Կառավարութեան Որոշումը Եւ Վերսկսաւ Իր Փորձերուն

Թոթենհամ Խախտեց Անգլիոյ Կառավարութեան Որոշումը Եւ Վերսկսաւ Իր Փորձերուն

Անգլիական «Տը Կարտիըն» օրաթերթը յայտնեց,որ լոնտոնեան Թոթենհամ ֆութպոլի ակումբը,խախտելով Անգլիոյ կառավարութեան որոշումը,վերսկսած է իր փորձերուն: Ակումբին ֆութպոլիստները մարզուած են առանձին խումբերով,բայց պահելով անհրաժեշտ ֆիզիքական հեռաւորութիւնը: Ժոզէ Մուրինիոյի գլխաւորած խումբը,բոլոր խումբերուն նման,ըստ օրէնքի,չէր կրնար իր փորձերուն սկսիլ մինչեւ յառաջիկայ 14 ապրիլ: Այս մէկին ի տես,Անգլիոյ իրաւապահ մարմինները,շատ հաւանական է,որ պատասխանատուութեան ենթարկեն Մուրինիոյին:

Ռոնալտինիօ Բանտէն Դուրս Եկաւ,Բայց Կը Մնայ Կալանքի Տակ

Ռոնալտինիօ Բանտէն Դուրս Եկաւ,Բայց Կը Մնայ Կալանքի Տակ

Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբին նախկին ֆութպոլիստ՝Ռոնալտինիօ,յետ այսու բանտին մէջ չէ,բայց կը մնայ կալանքի տակ,պանդոկի մը մէջ,այս գծով երէկ յայտնեց «ֆութպոլ Էսբանա»ն: 40 տարեկան ֆութպոլիստը,նախորդ 5 մարտէն ի վեր կը գտնուի բանտարկուած՝Փարակուէյի բանտերէն մէկուն մէջ,կեղծ անձագիր կրելու պատճառով: Փարակուէյի դատարանին որոշումով,ան կալանքի տակ պիտի մնայ կէս տարի,այսինքն մինչեւ անոր դատավարութեան աւարտը: Շատ մը անուանի ակումբներու մաս Ռոնալտինիօ,2002-ին Պրազիլի հետ հանդիսացաւ աշխարհի...

Մարզական՝ Ապրիլ Ա./2020

Մարզական՝ Ապրիլ Ա./2020

Պատրաստեց ՌԱՖՖԻ ՍԻՒԼԱՀԵԱՆ Հարի Քէյն Կրնայ  Հեռանալ Թոթենհամէն Անգլիոյ ֆութպոլի հաւաքականի եւ Թոթենհամ խումբի յարձակողական խաղացող Հարի Քէյն կրնայ լքել խումբը այս տարեշրջանի աւարտին: Ըստ Sky Sport-ի տեղեկութիւններուն,  խաղացողը յայտնած է, որ խումբին վիճակը յառաջացում չ'արձանագրեր,  այդ պատճառով կրնայ  միանալ այլ խումբի մը, որուն հետ հաւանական է որ   նուաճումներ արձանագրէ։ «Ակումբը լաւ ընթացքի մէջ չէ», ըսաւ Քէյն: Աւելցնենք, որ անգլիացի...

Մարզական՝ Մարտ Դ./2020

Մարզական՝ Մարտ Դ./2020

Պատրաստեց ՌԱՖՖԻ ՍԻՒԼԱՀԵԱՆ Միջազգային Իպրահիմովիչ Պիտի Շարունակէ Իր Մարզական Կեանքը Որպէս Մարզիչ Իտալական  La Gazzetta dello Sport-ը հաղորդեց, որ 38-ամեայ շուէտացի խաղացող Զլաթան  Իպրահիմովիչ Իտալիոյ Միլանին հետ մէկ տարուան պայմանագրութիւն կնքած էր, որ պիտի աւարտի Յունիսին: Զլաթան Միլանին հետ մաս կազմած է տասը հանդիպումներու եւ նշանակած՝ չորս կոլ: Ըստ աղբիւրին, ան իր մարզական կեանքը պիտի շարունակէ որպէս մարզիչ, որովհետեւ մտադիր չէ...

Մահացած է Լեւոն Արոնեանի Կինը` Արիանէ Քաոիլին

Մահացած է Լեւոն Արոնեանի Կինը` Արիանէ Քաոիլին

Կեանքէն հեռացած է Հայաստանի ճատրակի ախոյեան Լեւոն Արոնեանի կինը` Արիանէ Քաոիլին: «Արմենփրես»-ի հաղորդմամբ` այս մասին «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ տեղեկացուցած է Լեւոն Արոնեանը: «Բառեր չեմ գտներ արտայայտելու իմ վիշտը տիկնոջս` Արիանէյի մահուան կապակցութեամբ: Ան խելացի, աշխատասէր եւ կենսուրախ մարդ էր, որ գեղեցիկ կեանք ապրեցաւ»,- նշած է Արոնեան: Գրութեան տակ ցաւակցական խօսքերով պատասխանած են բազմաթիւ հանրաճանաչ շախմատիստներ, մասնաւորապէս, աշխարհի ախոյեան Մագնուս Կարլսենը, կրանտմայստըր...

Հարցազրոյց Հայաստանի Ֆուտբոլի Ֆեդերացիայի Գործադիր Յանձնախմբի Անդամ Աննա Թադեւոսեանի Հետ

Հարցազրոյց Հայաստանի Ֆուտբոլի Ֆեդերացիայի Գործադիր Յանձնախմբի Անդամ Աննա Թադեւոսեանի Հետ

Հայաստանի Կանանց Ֆուտբոլի Ազգային Հաւաքականը Հրաւիրում է Սփիւռքահայ Խաղացողների Վարեց՝ ՆԱՆԷ ԱՒԱԳԵԱՆ ՆԱՆԷ ԱՒԱԳԵԱՆ.- Երկարատեւ ընդմիջումից յետոյ, Հայաստանն ունի կանանց ֆուտբոլի ազգային հաւաքական, որը ստեղծման կարճ ժամանակահատուածում կարողացել է յայտ ներկայացնել միջազգային ասպարէզում: Ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս տեղի ունեցաւ կանանց ֆուտբոլի զարթօնքը: ԱՆՆԱ ԹԱԴԵՒՈՍԵԱՆ.- 2012 թուականից յետոյ, երկու տարի Հայաստանում կանանց ֆուտբոլ ընդհանրապէս չկար, որովհետեւ մարդիկ չէին ցանկանում լսել կանանց հաւաքականի...

«Թոքիօ-2020». Հայաստանի Չորրորդ Ողիմպիականի Տոմսը

«Թոքիօ-2020»-ի ամառնային 32-րդ ողիմպիական խաղերուն գծով Հայաստան ցարդ յաջողած է չորս տոմս ապահովել: Այդ չորրորդ տոմսը ապահովողը հանդիսացաւ կռփամարտիկ Կորիւն Սողոմոնեան` 52 քկ դասակարգին մէջ: Նախապէս Հայաստանի համար երեք այլ տոմսեր ապահոված էին յունահռոմէական ոճի ըմբիշներ Արթուր Ալեքսանեան եւ Կարապետ Չալեան, ինչպէս նաեւ մարմնամարզիկ Արթուր Դաւթեան:

Շիրակի Բժիշկը Կ՛օգնէ «Կոլտըն Փալաս»-ի Մէջ Մեկուսացածներուն

Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող Շիրակ Գիւմրիի մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ յայտնեց, որ այս օրերուն ակումբին բժիշկը` Գրիգոր Սարգսեան կը գտնուի Ծաղկաձորի մէջ եւ «Կոլտըն Փալաս» պանդոկին մէջ կ՛օգնէ հոն մեկուսացածներուն, որոնք կը պայքարին «Քորոնա» ժահրին դէմ: Անոր հետ միասին հոն կը գտնուին նաեւ այլ ակումբներու բժիշկներն ալ:  

Հայկական Ֆութպոլ. Բոլոր Տեսակի Մրցումները Յետաձգուեցան Մինչեւ 14 Ապրիլ

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ յայտարարեց, որ ֆետերասիոնին հովանիին տակ տեղի ունեցող բոլոր ախոյեանութիւններն ու մրցաշարքերը անխտիր մինչեւ 14 ապրիլ կը դադրին տեղի ունենալէ: Ֆետերասիոնի նախագահ Արմէն Մելիքբէկեան ըսաւ, որ հետեւելով «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի տուած որոշումին, Հայաստանի մէջ եւս կը դադրին բոլոր տեսակի ֆութպոլի իրադարձութիւնները` «Քորոնա» ժահրին պատճառով:

«Թոքիօ-2020». Ողիմպիական Խաղերը Պիտի Չյետաձգուին

Միջազգային ողիմպիական կոմիտէն երէկ իր հրապարակած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ նշեց, որ «Թոքիօ-2020-ի 32-րդ ամառնային ողիմպիական խաղերը պիտի չյետաձգուին եւ տեղի պիտի ունենան նախապէս ճշդուած թուականին: Կազմակերպութեան կատարած համաժողովէն ետք նշուեցաւ, որ խաղերը յետաձգելու անհրաժեշտութեան կարիք չկայ` նկատի ունենալով, որ անոր մեկնարկին ցարդ չորս ամիս կայ: Ողիմպիական խաղերը պիտի սկսին 24 յուլիսին եւ կ՛աւարտին 9 օգոստոսին: 0

Օպամեյանկ Հաւանաբար Տեղափոխուի Պարսելոնա

Լոնտոնեան Արսենալի յառաջապահ Փիեռ-Էմերիք Օպամեյանկ մտադիր է ամրան ընթացքին սպանական ակումբի մը միանալ: Ըստ սպանական մամուլին, ան կը փափաքի տեղափոխուիլ Պարսելոնա: Քաթալոնական ակումբը եւս հետաքրքրուած է ֆութպոլիստով:  

Կերըթ Պէյլ Կրնայ Հեռանալ Ռէալ Մատրիտէն

Հակառակ անոր որ կալեսցի միջազգային յառաջապահ Կերըթ Պէյլ մինչեւ 2022 պայմանագրութիւն մը ստորագրած է իր ակումբին` Ռէալ Մատրիտի հետ, սակայն ամրան ընթացքին կրնայ հեռանալ արքայական ակումբէն: Ան 2013-ին միացաւ Ռէալ Մատրիտին` փոխան 100 միլիոն եւրոյի:  

Page 611 of 1279 1 … 610 611 612 … 1,279

Արխիւներ