Ըստ սպանական «Մարքա» հանրածանօթ օրաթերթին, թենիսի Միացեալ Նահանգներու բաց ախոյեանութեան վայրը կրնայ փոխուիլ:
«Եու.Էս.Օփըն»-ը ընդհանրապէս կը կատարուի Նիւ Եորքի մէջ: Սակայն նկատի ունենալով,որ ներկայիս հոն «ՔՈՐՈՆԱ» ժահրը մեծապէս տարածուած է, անիկա կրնայ տեղափոխուիլ Քալիֆորնիոյ նահանգի Ինտիըն Ուելզ քաղաքը: Անիկա նախատեսուած է կատարել՝24 օգոստոսէն 13 սեպտեմբեր:
Նշենք, որ վերջերս յետաձգուեցաւ նաեւ, Ֆրանսայի բաց ախոյեանութիւնը՝ «Ռոլան-Կարոս»-ը, որ տարուան ընթացքին տեղի ունեցող չորս «կրան-շլեմ»-ի մրցաշարքերէն մէկն է: Սկզբունքով անիկա տեղի պիտի ունենար՝25 մայիսէն 7 յունիս: Այժմ անիկա պիտի կատարուի՝ 27 սեպտեմբերէն 4 հոկտեմբեր:



