«Քորոնա» ժահրին պատճառով աշխարհի տարածքին մարզաշխարհը կը շարունակէ մնալ ամբողջութեամբ սառած: Անոր կարգին է նաեւ՝ծանրաբարձութիւնը:
Միջազգային ծանրաբարձութեան ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած մէկ հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ,որ յստակացաւ Եւրոպայի ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան կայացման թուականը:
Ամիսներ առաջ յետաձգուած այս ախոյեանութիւնը, տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 31 հոկտեմբերէն՝ 8 նոյեմբեր, Ռուսիոյ մայրաքաղաք՝ Մոսկուայի մէջ:
Նախքան անոր կայացման նոր ժամկէտին նշումը, շրջան ընող ոչպաշտօնական լուրերու համաձայն կ՛ըսուէր, որ անիկա տեղի պիտի ունենայ այս ամրան ընթացքին:
Նշենք, որ այս ախոյեանութիւնը կը նկստուի վարկանշային՝ Թոքիոյի ողիմպիականի խաղերուն համար:
 
			


