Ֆրանսայի հեծելարշաւի մրցաշարքին՝«Թուր Տը Ֆրանս»-ին կազմակերպիչները յայտարարեցին, որ այս տարի տեղի ունենալիք այս միջոցառումը յետաձգուեցաւ «ՔՈՐՈՆԱ» ժահրին պատճառով:
Ըստ կազմակերպիչ յանձնախումբին մամլոյ քարտուղարութեան, անիկա տեղի պիտի ունենայ 29 օգոստոսէն 20 սեպտեմբեր: Սկզբունքով, անիկա նախատեսուած էր տեղի ունենալ՝ 27 յունիսէն 19 յուլիս:
«Թուր Տը Ֆրանս»-ը, որ առաջին անգամ ըլլալով տեղի ունեցած է 1903-ին, կը բաղկանայ 21 հանգրուանէ (3470 քմ):



