«ԹԱՍՍ» լրատու գործակալութեան համաձայն, Եւրոպայի ծանրաբարձութեան ախոյեանութիւնը տեղի պիպի ունենայ ընթացիկ տարուան վերջին ամիսներուն:
Սկզբունքով անիկա տեղի պիտի ունենար 4-12 ապրիլին, Մոսկուայի մէջ (Ռուսիա): Սակայն անիկա յետաձգուեցաւ, «Քորոնա» ժահրին պատճառով:
Նշենք,որ այս ախոյեանութիւնը կը համարուի վարկանշային՝ԹՈՔԻՕ-2020-ի Ողիմպիականի խաղերուն համար:



