Ապրիլի 15-ին տեղի ունեցած «վիտէօ-քոնֆերանս»-ի ընթացքին, ծանրաբարձութեան միջազգային ֆետերասիոնին գործադիր կոմիտէն ընդունեց կազմակերպութեան ռումանացի նախագահ Թամաս Այանի հրաժարականը:
81-ամյա Այանը, որ ֆետերասիոնին մէջ կ՛աշխատի 43 տարիէ ի վեր, ներկայացուց իր հրաժարականը, կաշառակերութեամբ ամբաստանուելու: Այանի կաշառակերութեան գործունէութեան վերաբերեալ փաստերը ներկայացուցած է գերմանացի լրագրող Հայօ Սեփփելթ, իր «Lord Of The Lifters» ֆիլմին մէջ:
Թամաշ Այան, չէ ընդունած իր դէմ առաջադրուած մեղադրանքը եւ իր խօսքով, իր հրաժարականը ներկայացուցած է, որպէսզի կազմակերպութիւնը շարունակէ իր բնականոն աշխատանքը:
Թամաշ Այանը, մասնաւորաբար, կը մեղադրուի խթանիչ դեղերու գործածութեամբ ամբաստանուած մարզիկներուն աջակցելու եւ անոնցմէ կաշառք ստանալու յանցանքով:



