Մարզական

Թենիս. Սերենա Ուիլիամս Պիտի Մասնակցի «Եու. Էս. Օփըն. »-ին

Ամերիկացի թենիսվումըն՝ Սերենա Ուիլիամս իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ թենիսի «Եու. Էս. Օփըն. »-ին, որ կը նկատուի տարուան չորս կրան-շլեմի մրցաշարքերէն մէկը, Ուիմպըլտընէն, Աւստրալիայէն եւ Ռոլան-Կարոսէն  ետք: Շարք մը լրատու աղբիւրներ յայտնեցին, որ Սերենա կը ծրագրէ իր տան մօտ թենիսի պզտիկ դաշտ մը շինել, լաւապէս պատրաստուելու համար մրցաշարքին: Ըստ ամերիկեան մարզական մամուլին, այս մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ առանց հանդիսատեսներու: Անոր կայացման...

«Փրեմիեր-Լիկ». Մանչեսթըր Սիթի Յաղթեց Արսենալի

Շուրջ 100 օրուան ընդմիջումէ մը ետք, երէկ վերսկսաւ Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութիւնը՝ «Փրեմիեր-Լիկ»-ը, երբ կատարուեցան երկու ճակատումներ, 29-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ: Առաջին մրցումին, Ասթոն Վիլա 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Շեֆիլտ Եունայթըտի հետ: Երէկուան յայտագիրին վրայ եղած երկրորդ մրցումին, երկրին գործող ախոյեանը՝ Մանչեսթըր Սիթի, արձանագրեց տարեշրջանի իր 19-րդ յաղթանակը, 3-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելով իր հիւրը՝ Արսենալը: Հակառակ իր արձանագրած այս յաղթանակին...

«Պունտըսլիկա». Պայէրն Միւնիխ 30-րդ Անգամ Ըլլալով Հանդիսացաւ Ախոյեան

Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան՝ «Պունտըսլիկա»-ի 32-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ գիշեր տեղի ունեցան շարք մը ճակատումներ: Պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող եւ երկրին գործող ախոյեանը՝ Պայէրն Միւնիխ, որ հիւրը եղաւ Վերտըր Պրեմընին, նուազագոյն արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց, շնորհիւ՝ Ռոպերթ Լեւանտովսքիի նշանակած կոլին (43-րդ): Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Պայէրն, որ ունեցաւ 76 կէտ, անհասանելի դարձաւ երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող, իր անմիջական մրցակիցին՝...

«Փրեմիեր-Լիկ». Այսօր Կը Վերսկսի Ընդմիջուած Ախոյեանութիւնը

«Փրեմիեր-Լիկ». Այսօր Կը Վերսկսի Ընդմիջուած Ախոյեանութիւնը

Շուրջ երեք ամսուան դադարէ մը ետք, այսօր՝ չորեքշաբթի, 17 յունիսին, կը վերսկսի Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան՝ «Փրեմիեր-Լիկ»-ի ընդմիջուած ախոյեանութիւնը: Նախքան այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն անդրադառնալը, նշենք, որ առաջին 12 մրցումներուն, ֆութպոլիստներուն մարզաշապիկներուն վրայ, փոխան անոնց անուններուն, գրուած պիտի ըլլայ՝ «Black Lives Matter» գրութիւնը: Իսկ մրցումները պիտի սկսին, մէկ վայրկեան լռութեամբ, յարգելու համար «Քորոնա» ժահրին զոհ գացածներուն յիշատակը: 100 օրուան դադարէն ետք,...

«Լա-Լիկա». Պարսելոնա Ամրապնդեց Պարագլուխի Իր Դիրքը

Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան՝ «Լա-Լիկա»-ի 29-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող եւ երկրին գործող ախոյեանը՝ Պարսելոնա ամրապնդեց իր դիրքը, երբ 2-0 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին՝ Լեկանեսին: Այս վերջինը կը գրաւէ դասաւորման վերջին դիրքը: Քաթալոնիական կազմին երկու անպատասխան կոլերը նշանակեցին՝ Անսու Ֆաթի (42-րդ) եւ Լիոնել Մեսսի (69-րդ՝ փենալթիով): Նշենք, որ անոնց խմբակից՝ Անթուան Կրիզման, 64–րդ վայրկեանին իր կազմին շնորհուած փենալթին...

«Քալչիօ». 2020-2021 Տարեշրջանը Պիտի Սկսի 12 Սեպտեմբերին

«Sport Italia» յայտնեց ըսելով, որ Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան՝ «Քալչիո»-յի 2020-2021 տարեշրջանին մեկնարկին օրը յստակ է: Ըստ վերոնշեալ պարբերաթերթին, անիկա պիտի սկսի յառաջիկայ 12 սեպտեմբերին: Այժմու տարեշրջանին եւ յառաջիկայ նոր տարեշրջանին միջեւ հանգիստի շրջանը պիտի ըլլայ վեց շաբաթ: Իսկ մարզիկներու փոխանցումները, որոնք պիտի սկսին յառաջիկայ1 սեպտեմբերին, վերջ պիտի գտնեն՝ 5 հոկտեմբերին: Նշենք, որ «Քալչիո»-յի ընդմիջուած ախոյեանութիւնը պիտի վերսկսի յառաջիկայ 20 յունիսին,...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Այսօր՝ Պարսելոնա-Լեկանես Եւ Վերտըր Պրեմըն-Պայէրն Միւնիխ

Եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր՝ երեքշաբթի, 16 յունիսին տեղի ունենալիք մրցումներէն ոմանք պիտի ըլլան հետաքրքրական: Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 29-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Պարսելոնա, պիտի հիւրընկալէ Լեկանեսին (նախավերջին): Սկզբունքով, Պարսայի համար այս ճակատումը պիտի ըլլայ ոչայդքան զօրաւոր մրցում մը: Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 23:00-ին՝ Պէյրութի ժամանակացոյցով: Ռէալ Մատրիտ իր մրցումը պիտի կատարէ երկու օր...

Ֆրանսական Ֆութպոլ. Թոմաս Թուխել Իր Աշխատանքը Պիտի Շարունակէ Փարիզ Սեն Ժերմենի Հետ

Գերմանացի ֆութպոլի մասնագէտ՝ Թոմաս Թուխել իր աշխատանքը պիտի շարունակէ Փարիզ Սեն Ժերմենի հետ որպէս անոր մարզիչը, այս գծով յայտնեց ֆրանսական «Le Journal du Dimanche»-ը: Նշուեցաւ, որ անոր պայմագրութեան աւարտին ցարդ մնացած է մէկ տարի. հետեւաբար ան 2020-2021 տարեշրջանին եւս պիտի ըլլայ մայրաքաղաքի կազմին գլխաւոր մարզիչը: Ինչպէս ծանօթ է, որ «Քորոնա» ժահրին պատճառով, Ֆրանսայի ֆութպոլի ֆետերասիոնը ժամանակէն առաջ աւարտեց 2019-2020 տարեշրջանը, 30 ապրիլին...

Հայկական Ֆութպոլ. Էդգար Մանուչարեան Աւարտեց Իր Միջազգային Ասպարէզը

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին ֆութպոլիստ՝ Էդգար Մանուչարեան, պաշտօնական յայտարարութեամբ մը ելոյթ ունենալով, յայտարարեց, որ կու գայ վերջ մը դնելու իր միջազգային ասպարէզին՝ ազգային հաւաքականին հետ: «Որպէս ֆութպոլիստ կու գամ վերջ մը դնելու իմ միջազգային ասպարէզիս: Սակայն նպատակ ունիմ յառաջիկային դառնալ ազգային հաւաքականին գլխաւոր մարզիչ, որուն գծով մեծապէս վստահ եմ», ըսաւ Մանուչարեան: Մանուչարեան, որ ծնած է 19 յունուար 1987-ին, Երեւանի մէջ,...

Ճատրակ. «Clutch Chess International» Առցանց Մրցաշարքին Յաղթականը՝ Քարլսըն

Աշխարհի ճատրակի ախոյեան, նորվեկիացի Մակնուս Քարլսըն, երէկ՝ կիրակի հանդիսացաւ «Clutch Chess International» առցանց մրցաշարքին յաղթականը, երբ աւարտականին յաղթեց, Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչ՝ ֆապիանօ Քարուանային, 9,5-8,5 արդիւնքով: Մրցաշարքին կը մասնակցէր նաեւ, հայկական ճատրակի յառաջատար՝ Լեւոն Արոնեան, որ սակայն հասաւ մինչեւ կիսաւարտական հանգրուան, ուր սակայն պարտուեցաւ նոյնինքն Քարլսընէն, 12:6 արդիւնքով: Մրցաշարքին, որ բաղկացած էր 12 հանգրուաններէ, կը մասնակցէին նաեւ՝ Մաքսիմ Վաշիէ-Լակրաւ, Լէյնըր Տոմինկես...

«Լա-Լիկա». Պարսելոնա Տպաւորիչ Յաղթանակով Մը Վերսկսաւ Ախոյեանութիւնը

Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան՝ «Լա-լիկա»-ի պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Պարսելոնա, տպաւորիչ յաղթանակով մը վերսկսաւ ընդմիջուած ախոյեանութիւնը, երբ 28-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ 4-0 արդիւնքով յաղթանակով վերադարձաւ Մայորքայի դաշտէն: Յաղթական կազմին կոլերը նշանակեցին՝ Արթուրօ Վիտալ (2-րդ), Մարթին Պրէյթուէյթ (37-րդ), Ժորտի Ալպա (73-րդ) եւ Լիոնել Մեսսի (90+3-րդ): Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, քաթալոնիական կազմը այժմ իր տրամադրութեան տակ ունեցաւ 61 կէտ: Իր կարգին յաղթանակ...

«Էն. Պի. Էյ.». Տարեշրջանը Պիտի Վերսկսի Յառաջիկայ 12 Յուլիսին

Իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ, «ESPN» յայտարարեց ըսելով, որ Միացեալ Նահանգներու պասքեթպոլի ախոյեանութիւնը՝ «Էն. Պի. Էյ.»-ը պիտի վերսկսի յառաջիկայ 12 յուլիսին: Նախապէս յայտարարուած էր, որ անիկա պիտի վերսկսի յառաջիկայ 30 յուլիսին, բայց այդ մէկը փոփոխութեան ենթարկուեցաւ: Ախոյեանութեան վերսկսումէն ետք, ամէն օր մարզիկները պիտի ենթարկուին քննութիւններու, որպէսզի որեւէ մէկը վարակուած չըլլայ «Քորոնա» ժահրով: Բնականաբար մրցումները տեղի պիտի ունենան առանց հանդիսատեսներու: Նշենք,...

«Լա-Լիկա». Սեւիլլա-Ռէալ Պեթիս Մրցումով Վերսկսաւ Ընդհատուած Ախոյեանութիւնը

Ինչպէս ծանօթ է, որ «Քորոնա» ժահրին պատճառով նախորդ 10 մարտին, կիսատ մնաց նաեւ Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութիւնը՝ «Լա-լիկա»-ն, այլ երկիրներու ախոյեանութիւններուն նման: Անիկա վերսկսաւ երէկ, երբ 28-րդ հանգրուանի բացման մրցումին, Սեւիլլա հիւրընկալեց Ռէալ Պեթիսին: Մրցումը աւարտեցաւ դաշտին տիրոջ յաղթանակով, 2-0 արդիւնքով: Այսօր տեղի կ՛ունենան երկու այլ ճակատումներ եւս, մինչ մնացեալ մրցումները կը շարունակուին այս շաբաթավերջին: Վաղը շաբաթ Պարսելոնա հիւրը կ՛ըլլայ Մայորքայի,...

Ճատրակ. Արոնեան-Քարլսըն՝ 2-6

Հայկական ճատրակի յառաջատար՝ Լեւոն Արոնեան, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ «Clutch Chess International» ճատրակի առցանց մրցաշարքին, թէեւ իր ելոյթները կը շարունակէ, սակայն կիսաւարտական հանգրուանի վեց մրցումներէն ետք,ան այժմ ` 6-2 արդիւնքով կը զիջի աշխարհի ախոյեան նորվեկիացի Մակնուս Քարլսընէն: Անոնց միջեւ երեք ճակատումները աւարտեցան հաւասարութեամբ, մինչ մնացեալ երեքը աւարտեցան Քարլսընի յաղթանակով: Անոնց միջեւ տեղի պիտի ունենան վեց այլ ճակատումներ ալ: Այս...

Ճատրակ. Տիգրան Պետրոսեանի Անուան Առցանց Մրցաշարք

Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնը յառաջիկայ 17 յունիսին Երեւանի ժամանակացոյցով ժամը 13։00-ին,« lichess.org» կայքին վրայ կը կազմակերպէ Տիգրան Պետրոսեանի ծննդեան նուիրուած առցանց մրցաշաք մը: Ըստ հայկական լրատու աղբիւրներուն, անոր կրնան իրենց մասնակցութիւնը բերել 18 տարեկանէն վար բոլոր ճատրակ խաղացողները, անոնք վարկանշային կէտեր ունենան կամ ոչ: Տիտղոսակիրը պիտի պարգեւատրուի «Տիգրան Պետրոսեան» ոսկիէ մետալով, իսկ երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը գրաւողները, յաջորդաբար՝ արծաթէ եւ պրոնզէ...

Ողիմպիականի Խաղերուն Մասնակցողներուն Թիւը Պիտի Կրճատուի

Միջազգային մարզական մամուլէն կը տեղեկանանք, որ 33-րդ ամառնային ողիմպիականի խաղերուն մասնակցող մարզիկներուն թիւը պիտի կրճատուի: Փարիզի մէջ տեղի ունենալիք 2024-ի ողիմպիականին պիտի մասնակցին՝ 10,500 մարզիկներ: Նախորդ խաղերուն մասնակցողներուն թիւը կը հասնէր11 հազարի: Միջազգային ողիմպիական կոմիտէին որոշումով, խաղերուն մասնակցող տղոց եւ աղջկանց թիւը պիտի ըլլայ իրարու հաւասար: Նշենք, որ Փարիզի 33-րդ ամառնային ողիմպիականի խաղերը տեղի պիտի ունենան 26 յուլիսէն՝11 օգոստոս:

Գերմանական Ֆութպոլ. Պայէրն Միւնիխի Իւրայատուկ Նուաճումը

Գերմանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին կիսաւարտական հանգրուանի երկրորդ ճակատումին, Պայէրն Միւնիխ 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով Այնթրախթ Ֆրանքֆորթի դէմ, ապահովեց աւարտականին իր տոմսը: Կիսաւարտականի առաջին ճակատումին, Պայեր Լեւերքուզըն 3-0 արդիւնքով յաղթած էր Սաարպրուքենին: Ապահովելով աւարտականին իր տոմսը, Պայէրն Միւնիխ այսպիսով իւրայատուկ նուաճում մը կատարեց, նկատի ունենալով որ այս մրցաշարքին ծիրին մէջ, անիկա 24-րդ անգամ ըլլալով հասաւ աւարտականին: Այս ցուցանիշով անոր ետին...

Ճատրակ. Արոնեան Ապահովեց Կիսաւարտականին Իր Տոմսը

Հայկական ճատրակի յառաջատար՝ Լեւոն Արոնեան, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ «Clutch Chess International» ճատրակի առցանց մրցաշարքին, յաջողեցաւ ապահովել կիսաւարտական հանգրուանին իր տոմսը, շրջանցելով Ռուսիան ներկայացնող Ալեքսանտր Կրիսչուքի արգելքը: Անոր դէմ իր կատարած վեց մրցումներուն, հայրենի կրանտմասթըր-ը արձանագրեց՝ 10-8 արդիւնքով յաղթանակ մը: Կիսաւարտականին, Արոնեանի մրցակիցը պիտի ըլլայ, աշխարհի ախոյեան նորվեկիացի Մակնուս Քարլսըն: Մրցաշարքը կ՛աւարտի յառաջիկայ 14 յունիսին: Անոր մրցանակային ֆոնտը կը...

Թենիս. Ֆետերերի Համար 2020 Տարեշրջանը Աւարտեցաւ

Թենիսի միջազգային դասաւորման մէջ չորրորդ դիրքին վրայ գտնուող զուիցերիացի Ռոժէ Ֆետերեր, պաշտօնական յայտարարութեամբ մը ելոյթ ունենալով յայտնեց, որ իրեն համար 2020 տարեշրջանը աւարտած է: |Քանի մը շաբաթ առաջ փորձերու ընթացքին վիրաւորուած Ֆետերեր, առնուազն վեց ամսուան պէտք ունի լաւապէս ապաքինելու համար: Այս մէկէն մեկնելով, ան ըսաւ, որ իրեն համար լաւապէս ապաքինիլը աւելի լաւ է, քան ինքզինք աւելիով վտանգել, մանաւանդ որ «Քորոնա»...

Մատրիտ Պատրաստ Է Հիւրընկալելու «Եւրօ-2020»-ի Մրցումները

Սպանիոյ մայրաքաղաք՝ Մատրիտ, պատրաստ է հիւրընկալել «Եւրօ-2020»-ի մրցումները, այս գծով յայտնեց միջազգային մարզական մամուլը: Մատրիտի քաղաքապետ՝ Խոսէ Լուիս Մարթինես-Ալմէյտա վստահեցուց, որ Մատրիտ պատրաստ է հիւրընկալելու մրցումները: Ինչպէս ծանօթ է, որ այս խաղերը յետաձգուեցան յառաջիկայ տարուան եւ պիտի կատարուին 11 յունիսէն՝ 11 յուլիս: Եւրոպայի ախոյեանութեան 60-ամեակի այս մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ եւրոպական 12 տարբեր քաղաքներու մէջ:  

Page 605 of 1279 1 … 604 605 606 … 1,279

Արխիւներ