Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան՝ «Լա-Լիկա»-ի 29-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող եւ երկրին գործող ախոյեանը՝ Պարսելոնա ամրապնդեց իր դիրքը, երբ 2-0 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին՝ Լեկանեսին: Այս վերջինը կը գրաւէ դասաւորման վերջին դիրքը:
Քաթալոնիական կազմին երկու անպատասխան կոլերը նշանակեցին՝ Անսու Ֆաթի (42-րդ) եւ Լիոնել Մեսսի (69-րդ՝ փենալթիով): Նշենք, որ անոնց խմբակից՝ Անթուան Կրիզման, 64–րդ վայրկեանին իր կազմին շնորհուած փենալթին չկրցաւ կոլի վերածել:
Այժմ Պարսա իր տրամադրութեան տակ ունի 64 կէտ: Երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող Ռէալ Մատրիտ, որ վաղը կը հիւրընկալէ Վալենսիային, ունի 59 կէտ: