Սպանիոյ մայրաքաղաք՝ Մատրիտ, պատրաստ է հիւրընկալել «Եւրօ-2020»-ի մրցումները, այս գծով յայտնեց միջազգային մարզական մամուլը:
Մատրիտի քաղաքապետ՝ Խոսէ Լուիս Մարթինես-Ալմէյտա վստահեցուց, որ Մատրիտ պատրաստ է հիւրընկալելու մրցումները:
Ինչպէս ծանօթ է, որ այս խաղերը յետաձգուեցան յառաջիկայ տարուան եւ պիտի կատարուին 11 յունիսէն՝ 11 յուլիս:
Եւրոպայի ախոյեանութեան 60-ամեակի այս մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ եւրոպական 12 տարբեր քաղաքներու մէջ:



