Թենիսի միջազգային դասաւորման մէջ չորրորդ դիրքին վրայ գտնուող զուիցերիացի Ռոժէ Ֆետերեր, պաշտօնական յայտարարութեամբ մը ելոյթ ունենալով յայտնեց, որ իրեն համար 2020 տարեշրջանը աւարտած է:
|Քանի մը շաբաթ առաջ փորձերու ընթացքին վիրաւորուած Ֆետերեր, առնուազն վեց ամսուան պէտք ունի լաւապէս ապաքինելու համար: Այս մէկէն մեկնելով, ան ըսաւ, որ իրեն համար լաւապէս ապաքինիլը աւելի լաւ է, քան ինքզինք աւելիով վտանգել, մանաւանդ որ «Քորոնա» ժահրին պատճառով արդէն իսկ միջազգային բոլոր տեսակի մրցաշարքերը սառած են:
Ան ըսաւ, որ իր ամէն կարելին պիտի ընէ, որպէսզի իր վնասած աջ ծունկը արագ կերպով ապաքինի, գտնէ իր անցեալի նախկին աշխուժութիւնը եւ շարունակէ տիտղոսներու տիրանալ:



