Աշխարհի ճատրակի ախոյեան, նորվեկիացի Մակնուս Քարլսըն, երէկ՝ կիրակի հանդիսացաւ «Clutch Chess International» առցանց մրցաշարքին յաղթականը, երբ աւարտականին յաղթեց, Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչ՝ ֆապիանօ Քարուանային, 9,5-8,5 արդիւնքով:
Մրցաշարքին կը մասնակցէր նաեւ, հայկական ճատրակի յառաջատար՝ Լեւոն Արոնեան, որ սակայն հասաւ մինչեւ կիսաւարտական հանգրուան, ուր սակայն պարտուեցաւ նոյնինքն Քարլսընէն, 12:6 արդիւնքով:
Մրցաշարքին, որ բաղկացած էր 12 հանգրուաններէ, կը մասնակցէին նաեւ՝ Մաքսիմ Վաշիէ-Լակրաւ, Լէյնըր Տոմինկես եւ Ուեսլի Սօ: Իսկ անոր մրցանակյին ֆոնտը կը կազմէր՝265 ամերիկեան տոլար: