Մարզական

«Լա-Լիկա». Ռէալ Մատրիտ Ամրապնդեց Պարագլուխի Իր Դիրքը

Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան՝ «Լա-Լիկա»-ի 32-րդ հանգրուանի մրցումներուն,երէկ գիշեր վերջին դիրքին վրայ գտնուող Էսփանիոլ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Ռէալ Մատրիտին: Վերադառնալու համար պարագլուխի դիրքին, ֆրանսացի մարզիչ՝ Զինետտին Զիտանի կազմը պէտք ունէր հաւասարութեան եւ կամ՝ յաղթանակի, նկատի ունենալով որ օր մը առաջ երկրին գործող ախոյեանը՝ Պարսելոնա 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրելէ ետք Սելթա Վիկոյի դաշտին վրայ, բարձրացած էր առաջին դիրք, կէտով մը...

Հայկական Ֆութպոլ. Ալաշկերտի Աղջիկները՝ Հայաստանի Ախոյեան

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին ակադեմիային մէջ երէկ տեղի ունեցած Հայաստանի ֆութպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան գծով կատարուած Ալաշկերտ-Շիրակ ՀՄՄ մրցումը աւարտեցաւ առաջինին յաղթանակով, 4-0 արդիւնքով: Այս մէկը պատճառ դարձաւ, որ Ալաշկերտ վաղաժամ հռչակուի Հայաստանի ախոյեան, յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը: Մրցումէն ետք տեղի ունեցած մրցանակաբաշխութեան, երկու կազմերուն մարզիկներուն տրուեցան մետալներ, ախոյեան կազմին՝ տիտղոսը, մինչ լաւագոյն ռմբաձիգի մրցանակը տրուեցաւ Ալաշկերտի միջնապահ՝...

30 Տարուան Սպասումէ Մը Ետք. Լիվըրփուլ Հռչակուեցաւ Անգլիոյ Ախոյեան

Երէկ՝ հինգշաբթի, 25 յունիսին, Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան՝ «Փրեմիեր-Լիկ»-ի 31-րդ հանգրուանի մրցումներուն, երկրին գործող ախոյեանը՝ Մանչեսթըր Սիթի Լոնտոնի մէջ հիւրը եղաւ Չելսիի: Եոսիփ Կուարտիոլայի գլխաւորած կազմը, հիւրընկալ կազմին դաշտին վրայ կրեց 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը: Չելսիի արձանագրած այս յաղթանակը պատճառ դարձաւ, որ պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Լիվըրփուլ հռչակուի Անգլիոյ ախոյեան եւ այդ մէկը...տարեշրջանի աւարտէն եօթը հանգրուան առաջ: Սիթիի յաղթանակը պարզապէս կրնար...

Լուքա Ռոմերօ ՝«Լա-Լիկա»-ի Պատմութեան Ամէնէն Երիտասարդ Ֆութպոլիստը

Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան՝ «Լա-Լիկա»-ի 32-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Ռէալ Մատրիտ 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց իր հիւրին՝ Մայորքայի դէմ: Անկախ արդիւնքէն, այս մրցումին ընթացքին պատմական իրադարձութիւն մը արձանագրուեցաւ, նկատի ունենալով,  որ Մայորքայի ֆութպոլիստ՝ Լուքա Ռոմերօ հանդիսացաւ «Լա-Լիկա»-ի պատմութեան ամէնէն երիտասարդ ֆութպոլիստը, որ դաշտ կը ներկայանար: 82-րդ վայրկեանին դաշտ ներկայացած Ռոմերօ, 15 տարեկան եւ 219 օրական...

Հայկական Ֆութպոլ. Նոա Եւ Արարատ-Արմենիա Հասան Աւարտականին

Երէկ՝ չորեքշաբթի, 24 յունիսին տեղի ունեցան Հայաստանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին կիսաւարտական հանգրուանի դարձի մրցումները: Նոա, որ երթին 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրած էր Ուրարտուի դէմ, երէկուան մրցումին եւս յաղթանակ արձանագրեց, այս անգամ 2-1 արդիւնքով: Կիսաւարտականի երկրորդ ճակատումին, Արարատ-Արմենիա 2-0 արդիւնքով յաղթեց Գանձասար-Կապանին, բնականաբար իր կարգին հասնելով աւարտականին: Երթին, Արարատ-Արմենիա արձանագրած էր 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը:

Իտալական Ֆութպոլ. Մխիթարեան Մասնակցեցաւ Ա. Էս. Ռոմայի Արձանագրած Յաղթանակին

Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան՝ «Քալչիո»-ի 27-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ երէկ գիշեր տեղի ունեցած մրցումներուն, Ա. Էս. Ռոմա 2-1 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին՝ Սամտորիային: Արձանագրուած այս յաղթանակին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին միջնապահ՝ Հենրիխ Մխիթարեան, որ դաշտ ներկայացած էր իբրեւ հիմնական մարզիկ: Ան 85-րդ վայրկեանին փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով մը: Յաղթական կազմին երկու կոլերը նշանակեց՝ Էտին Ծեքօ: Իր արձանագրած այս...

Անգլիական Ֆութպոլ. Լիվըրփուլ Ամրապնդեց Պարագլուխի Իր Դիրքը

Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան՝ «Փրեմիեր-Լիկ»-ի 31-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ կատարուած երէկուան մրցումներուն, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Լիվըրփուլ, աւելիով կառչած մնաց իր դիրքին, երբ 4-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց իր հիւրին՝ Քրիսթալ Փալասին: Լիվըրփուլ, որ իւրաքանչիւր կիսախաղի նշանակեց երկու կոլ, այժմ իր տրամադրութեան տակ ունի 86 կէտ: Անոր անմիջական մրցակիցը եւ երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող Մանչեսթըր Սիթի, որ ունի 63 կէտ, այսօր...

«Քալչիօ». Մխիթարեան Շատ Հաւանաբար Մասնակցի Այսօրուան Մրցումին

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին եւ իտալական Ա. Էս. Ռոմա խումբին միջնապահ՝ Հենրիխ Մխիթարեան շատ հաւանաբար իր մասնակցութիւնը բերէ այսօր՝ չորեքշաբթի, 24 յունիսին Սամտորիայի դէմ տեղի ունենալիք մրցումին: Այս մրցումը կ՛իյնայ Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան՝ «Քալչիո»-ի 27-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ: Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ մայրաքաղաք Հռոմի ողիմպիականի մարզադաշտին վրայ, պիտի սկսի ժամը 22:45-ին՝ Պէյրութի ժամանակացոյցով: Նշենք, որ շաբաթասկիզբին, անոր...

Մահացաւ Անուանի Մարզիկ, Մարզիչ Եւ Իրաւարար՝ Ստեփան Ղազարեան

Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէն կը տեղեկանանք, որ կեանքէն հեռացած է անուանի մարզիկ, մարզիչ եւ իրաւարար՝ Ստեփան Ղազարեան: Ան 84 տարեկան էր: 29 յունիս 1935-ին Երեւանի մէջ ծնած Ղազարեան, նախկին խորհրդային միութեան մէջ եղած է մարզիկ եւ մարզիչ, ինչպէս նաեւ եղած է ըմբշամարտի բարձրագոյն (ողիմպիական) կարգի իրաւարար: Ան պարգեւատրուած է «Մովսէս Խորենացի» մետալով, ինչպէս նաեւ միջազգային տարբեր տեսակի ոսկիէ, արծաթէ...

Թենիս. Նովաք Ճոքովիչ Վարակուած՝ «Քորոնա» Ժահրով

Տղոց թենիսի միջազգային դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող սերպ Նովաք Ճոքովիչ վարակուած է «Քորոնա» ժահրով, այս գծով երէկ յայտնեց միջազգային մարզական մամուլը: Նշուեցաւ, որ նախորդ շաբաթ, 33 տարեկան Ճոքովիչ Խրուաթիոյ մէջ իր մասնակցութիւնը բերած է մրցաշարքի մը, որուն մասնակցողներէն երկուքին մօտ փաստուած է որ այդ ժահրը կայ: Երբ Ճոքովիչ քննութեան ենթարկուած է, արդիւնքը եղած է դրական: Անոր հետ այդ ժահրով...

Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով. 2020-2021 Տարեշրջանի Ախոյեանութեան Ազդանշանը Պիտի Տրուի 15 Նոյեմբերին

Երէկ՝ երկուշաբթի, 22 յունիսին, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը Ժալ Էլ Տիպի իր կեդրոնատեղիին մէջ գումարեց իր ժողովը, նախագահութեամբ իր նախագահին՝ Աքրամ Հալապիի: Անոր ներկայ եղան ֆետերասիոնին բոլոր անդամները: Պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ, որ Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2020-2021 տարեշրջանին ազդանշանը պիտի տրուի 15 նոյեմբերին... առանց օտարականներու: Ֆետերասիոնը իր շնորհակալութիւնը յայտնեց Թալալ Մաքտեսիի, նկատի ունենալով, որ Մաքտեսի ընկերութիւնը պիտի հոգայ 2020-2021 տարեշրջանի...

Ճատրակ. Շանթ Սարգսեան՝ Արսէն Եղիազարեանի Յուշամրցաշարքին Տիտղոսակիր

Մասնակցութեամբ՝ 54 ճատրակ խաղացողներու, որոնց կարգին՝ 8 կրանտմասթըրներ, տեղի ունեցաւ Արսէն Եղիազարեանի յիշատակին նուիրուած ճատրակի առցանց մրցաշարքը: Առաւելագոյն 9 կէտէն 8 կէտ ապահովելով, մրցաշարքին տիտղոսակիր դարձաւ կրանտմասթըր՝ Շանթ Սարգսեան: Հայկ Մարտիրոսեան, Մանուէլ Պետրոսեան և Աննա Սարգսեան 7-ական կէտով կիսեցին 2-4-րդ դիրքերը: Լրացուցիչ ցուցանիշով երկրորդ դիրքը գրաւեց՝ Հայկ Մարտիրոսեան: Արսէն Եղիազարեան, կեանքէն հեռացաւ՝ 20 ապրիլ 2020-ին: Ան 49 տարեկան էր:

Եւրոպական Ֆութպոլ. Այսօր՝ Պարսելոնա-Աթլեթիք Պիլպաօ

Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան՝ «Լա-Լիկա»-ի 31–րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր՝ երեքշաբթի, Պարսելոնա իր դաշտին վրայ պիտի հիւրընկալէ Աթլեթիք Պիլպաոյին: Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 23:00-ին՝ Պէյրութի ժամանակացոյցով: Քաթալոնիական կազմը իր ամէն կարելին պիտի ընէ յաղթելու համար իր հիւրին՝ Պիլպաոյին, մանաւանդ, որ Պարսա իր արձանագրած վերջին հաւասարութենէն ետք, պարագլուխի իր դիրքը զիջեցաւ Ռէալ Մատրիտի: Այս վերջինը իր մրցումը պիտի կատարէ վաղը,...

Եւրոպական Ֆութպոլի Ախոյեանութիւններ. Ռէալ Մատրիտ Պարսելոնայէն Խլեց Պարագլուխի Դիրքը

Գերմանիոյ, Սպանիոյ եւ Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութիւններուն նման, նախորդ շաբաթավերջին վերսկսաւ նաեւ Իտալիոյ ախոյեանութիւնը՝ «Քալչիո»-ն: Իտալիոյ ընդմիջուած ախոյեանութիւնը վերսկսաւ Թորինօ-Փարմա մրցումով: Անիկա աւրտեցաւ 1-1 հաւասարութեամբ մը: Նշենք, որ այս մրցումը կ՛իյնար 26-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ: Անգլիոյ պարագային, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Լիվըրփուլ, 0-0 հաւասարութիւն մը արձանագրեց Էվըրթընի հետ՝ Լիվըրփուլ քաղաքի տերպիի մրցումին (30-րդ հանգրուան): Ինչ կը վերաբերի Սպանիոյ ախոյեանութեան, 30-րդ հանգրուանին...

Ուքրանական Ֆութպոլ. Շախտիոր Տոնեցք Ախոյեան՝ 13-րդ Անգամ Ըլլալով

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Ուքրանիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 27-րդ հանգրուանի մրցումները, որոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ, Շախտիոր Տոնեցք ապահովեց ախոյեանութեան տիտղոսը եւ այդ մէկը՝ տարեշրջանի աւարտէն հինգ հանգրուան առաջ: Տոնեցք այսպիսով յաջորդաբար չորրորդ տարին ըլլալով հանդիսացաւ ախոյեան: Անիկա իր պատմութեան մէջ 13-րդ անգամ ըլլալով ապահովեց ախոյեանութեան տիտղոսը:: 3-2 արդիւնքով յաղթելէ ետք Օլեքսանտրիային, անիկա ունեցաւ 71 կէտ, մինչ անոր անմիջական մրցակիցը...

Սպանական Ֆութպոլ. Պարսելոնա-Աթլեթիքօ Մատրիտ Մրցումը՝ Համակիրներո՞վ

Ըստ սպանական մամուլին,Պարսելոնա կ՛ուզէ այս տարեշրջանի իր դաշտին վրայ կատարելիք մրցումները կայացնել ...համակիրներով: Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան՝ «Լա-Լիկա»-ի 33-րդ հանգրուանի Պարսելոնա- Աթլեթիքօ Մատրիտ գագաթի ճակատումը կրնայ կատարուիլ համակիրներու ներկայութեան, այս գծով կը յայտնէ «Mundo Deportivo»-ն: Ըստ վերոնշեալ աղբիւրին, Պարսելոնա իր մարզադաշտին՝ «Քամփ Նու»-ի դռները համակիրներուն դիմաց բանալու արտօնութիւն ստանալու նպատակով, յառաջիկայ օրերուն պիտի դիմէ երկրին կառավարութեան: Քաթալոնիական ակումբը մտադիր է 100...

Իտալական Ֆութպոլ. Մխիթարեան Մկանային Յոգնածութիւն Ունեցաւ

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին եւ իտալական Ա. Էս. Ռոմայի միջնապահ՝Հենրիխ Մխիթարեան, իր կատարած փորձերուն ընթացքին զգացած է մկանային յոգնածութիւն, այս գծով յայտնեց անոր ակումբին պաշտօնական կայքը: Նշուեցաւ, որ յառաջիկայ օրերուն ընթացքին, հայրենի միջնապահը յատուկ հսկողութեան տակ պիտի ըլլայ: Այսօր խումբը փորձեր չկատարեց: Մարզիկները իրենց փորձերուն պիտի վերսկսին վաղը: Մայրաքաղաքի ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց նաեւ, որ ակումբին թեքնիք տնօրէնը Ճիանլուքա Փեթրաքի...

Հայկական Ֆութպոլ. Սոլոմոն Իմէ Ուտօ՝ Հայաստանի Հաւաքականին Նոր Ֆութպոլիստ

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէն կը տեղեկանանք, որ Շիրակ Գիւմրիի միջնապահ՝ Սոլոմոն Իմէ Ուտօ, յետ այսու մաս պիտի կազմէ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին: 15 յուլիս 1995-ին Նիկերիոյ մէջ ծնած Ուտօ, որ 2015-էն ի վեր իր մասնակցութիւնը կը բերէ Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն, հաւաքականին մաս կազմելու իրաւունքը ունի եւ այժմ պիտի սպասէ իր փաստաթուղթերուն ամբողջացման, որպէսզի միանայ հաւաքականին: Այս լուրին հրապարակումէն...

Սպանական Ֆութպոլ. Պենզեմա Գերազանցեց Ֆերենք Փուշքաշի Ցուցանիշը

Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան՝ «Լա-Լիկա»-ի 29-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ ուշ գիշերն, Ռէալ Մատրիտ իր դաշտին վրայ 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Վալենսիայի դէմ: Ֆրանսացի յառաջապահ՝ Քարիմ Պենզեմայի համար արձանագրուած այս յաղթանակը եղաւ յիշատակելի եւ ձեւով մըն ալ պատմական, նկատի ունենալով որ ան իր նշանակած երկու կոլերուն շնորհիւ (61-րդ եւ 86-րդ), յաջողեցաւ դառնալ ակումբին հինգերորդ ռմբաձիգը, գերազանցելով հունգարացի Ֆերենք Փուշքաշին,...

Իտալական Ֆութպոլ. Նափոլի՝ Իտալիոյ Բաժակակիր

Երէկ, տեղի ունեցաւ Իտալիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին աւարտական հանգրուանի մրցումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ ճակատեցան Եուվենթուս եւ Նափոլի: Մարզիչ Կենարօ Կաթուզոյի գլխաւորած կազմը՝ Նափոլի հանդիսացաւ տիտղոսակիր, փենալթիներով՝ 4-2 արդիւնքով պարտութեան մատնելով երկրին գործող ախոյեան՝ Եուվենթուսին: Նշենք, որ երբ մրցումին 90 վայրկեանները աւարտեցան, ուղղակիօրէն դիմուեցաւ փենալթիներու եւ երկարաձգում չկատարուեցաւ: Այսպիսով, Նափոլի իր պատմութեան մէջ 6-րդ անգամ ըլլալով հանդիսացաւ Իտալիոյ բաժակակիր: Աւարտականի...

Page 604 of 1279 1 … 603 604 605 … 1,279

Արխիւներ