Ամերիկացի թենիսվումըն՝ Սերենա Ուիլիամս իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ թենիսի «Եու. Էս. Օփըն. »-ին, որ կը նկատուի տարուան չորս կրան-շլեմի մրցաշարքերէն մէկը, Ուիմպըլտընէն, Աւստրալիայէն եւ Ռոլան-Կարոսէն ետք:
Շարք մը լրատու աղբիւրներ յայտնեցին, որ Սերենա կը ծրագրէ իր տան մօտ թենիսի պզտիկ դաշտ մը շինել, լաւապէս պատրաստուելու համար մրցաշարքին:
Ըստ ամերիկեան մարզական մամուլին, այս մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ առանց հանդիսատեսներու: Անոր կայացման թուական ճշդուած է՝ 31 օգոստոսէն 13 սեպտեմբերը, Նիւ Եորքի մէջ:
Անոր գործող ախոյեաններն են՝ սպանացի Ռաֆայէլ Նատալ եւ քանատացի Պիանքա Անտրեսքու:
«Եու. Էս. Օփըն. »-ը առաջին անգամ ըլլալով տեղի ունեցաւ՝ 1881-ին: