Հայկական ճատրակի յառաջատար՝ Լեւոն Արոնեան, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ «Clutch Chess International» ճատրակի առցանց մրցաշարքին, յաջողեցաւ ապահովել կիսաւարտական հանգրուանին իր տոմսը, շրջանցելով Ռուսիան ներկայացնող Ալեքսանտր Կրիսչուքի արգելքը:
Անոր դէմ իր կատարած վեց մրցումներուն, հայրենի կրանտմասթըր-ը արձանագրեց՝ 10-8 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Կիսաւարտականին, Արոնեանի մրցակիցը պիտի ըլլայ, աշխարհի ախոյեան նորվեկիացի Մակնուս Քարլսըն:
Մրցաշարքը կ՛աւարտի յառաջիկայ 14 յունիսին: Անոր մրցանակային ֆոնտը կը կազմէ 265 հազար ամերիկեան տոլար: