Գերմանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին կիսաւարտական հանգրուանի երկրորդ ճակատումին, Պայէրն Միւնիխ 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով Այնթրախթ Ֆրանքֆորթի դէմ, ապահովեց աւարտականին իր տոմսը: Կիսաւարտականի առաջին ճակատումին, Պայեր Լեւերքուզըն 3-0 արդիւնքով յաղթած էր Սաարպրուքենին:
Ապահովելով աւարտականին իր տոմսը, Պայէրն Միւնիխ այսպիսով իւրայատուկ նուաճում մը կատարեց, նկատի ունենալով որ այս մրցաշարքին ծիրին մէջ, անիկա 24-րդ անգամ ըլլալով հասաւ աւարտականին: Այս ցուցանիշով անոր ետին երկրորդ դիրքին վրայ կը գտնուի Շալքէ (12 անգամ):
Ֆրանքֆորթի դէմ տեղի ունեցած մրցումին, Պայէրնի կոլերը նշանակեցին՝ Իվան Փերիսիչ (14-րդ) եւ Ռոպերթ Լեւանտովսքի (74-րդ):